Արխիւ
Գերմանիայէն գիտակրթական ոլորտի ներկայացուցիչներու խումբ մը այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Վեհափառ Հայրապետը կը կարեւորէ ժողովուրդներու միջեւ եղբայրական յարաբերութիւններու ամրապնդումը:
Գնալը կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, նախընթաց օր տեղի ունեցաւ երիտասարդաց երաժշտական ներկայացումներու խանդավառ երեկոյթ մը: Յայտագրի տեւողութեան Նայեադ Թեքիրօղլու, Լոռի Թեքիրօղլու, Անի Էրտողան, Էլիզա Սարաչօղլու եւ Մաթթիաս Շիրինկիլ ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող կատարումներով:
Երէկ երեկոյեան, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ՝ Ֆրանսայի Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մեջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։ Ֆրանսական պալատի ընդարձակ եւ շքեղ պարտէզներուն մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւնը, որու հիւրընկալներն էին Անգարայի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Իզապէլ Տիւմոն եւ Իսթանպուլի աւագ հիւպատոս Նատիա Ֆանթոն։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կեանքը մեզի միշտ չի պարգեւեր այն, ինչ որ կը փափաքինք։ Երբեմն ան կը բերէ փորձութիւններ, կորուստներ, անորոշութիւն եւ լուռ ցաւեր։ Սակայն, նոյն այդ կեանքը, նոյն այդ օրերը, տարբեր աչքերով դիտող երկու մարդոց համար բոլորովին տարբեր իմաստ կրնան ունենալ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Պատմական յիշողութեան» պակասը, այսինքն պատմականօրէն հաւաքական ընդհանուր եւ անցեալի վերաբերեալ իրադարձութիւններու ծանօթութեան բացակայութիւնը եւ մանաւանդ՝ անտարբերութիւնը ընկերութեան լուրջ թերութիւններէն մին է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կան որոշ երեւոյթներ, որոնք մեր ծնողներուն մօտ դրական ըլլալ կը կարծուին, սակայն, իրականութեան մէջ, ո՛չ միայն բացասական են, այլ կրնան լուրջ հետեւանքներ ունենալ։ Այդ իսկ պատճառով, ծնողք դառնալէ առաջ կը կարեւորենք մանկավարժութիւնը։
Գոհունակութեամբ վերահսու կ՚ըլլանք, որ վարպետ քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան արդէն եզրափակիչ փուլ հասած է՝ Միջցամաքամասային երաժշտական մրցանակին (ICMA) մէջ։
Ֆրանսահայ անուշահոտութիւններու աշխարհահռչակ վարպետ Ֆրանսիս Քիւրքճեան արժանացաւ Ֆրանսայի բարձրագոյն պետական պարգեւներէն մէկուն։ Այսպէս, ան դարձաւ «Լեժիոն տ՚Օնէօր»ի ասպետ։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր կը հիւրընկալէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը, որ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Մոսկուա։
Հայաստան եւ Քաթար ամուր կամքով կ՚ընթանան համագործակցութեան խորացման ուղղութեամբ:
Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ էմիր ալ-Սանի զրոյցի ընթացքին անդրադարձան տարածաշրջանային հայցերու:
Հայաստան եւ Միացեալ Նահանգներ ներքին ընթացակարգերը կը բանեցնեն TRIPP նախաձեռնութեան շուրջ:
Ուաշինկթըն միշտ կ՚ընդգծէ վերահսկման հարցերու կապակցութեամբ Երեւանի իրաւազօրութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը:
Ուքրայնա Եւրոմիութեան միջոցներով Չինաստանէն պիտի ապահովէ անօդաչու սարքերու բաղադրիչներ:
Քիեւ եւ Պրիւքսէլ կարեւոր քայլեր կ՚առնեն արդիւնաբերութիւնները համարկելու նոր նախաձեռնութեան համար:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
16 յուլիս 2020-ին, վեց տարի առաջ, Վարդավառի տօնի նախօրեակին, մեր աշխարհէն անշշուկ կը մեկնէր պոլսահայ արդի գրականութեան մեծ երախտաւորներէն՝ բանաստեղծ եւ սրտաբան բժիշկ Վարդ Շիկահերը (Պոլիս, 26 դեկտեմբեր 1926 - Պոլիս, 16 յուլիս 2020):
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Յուլիսեան տաք օրերուն մայրաքաղաք Երեւանը կը համակուի արուեստի այն մոգական, գրաւիչ ու անբացատրելի մթնոլորտով, որ տարին միայն մէկ անգամ կրնայ պարգեւել «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնը։
Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հիւրընկալմամբ, Էլիզէի պալատէն ներս ծաւալուն քննարկում:
Փարիզ մեկնած էր նաեւ նախարար Հաքան Ֆիտան. Ուքրայնայի հարեւան երկիրներուն մէջ ալ կը նախատեսուին ռազմափորձեր:
Այսօր, բովանդակ Թուրքիոյ մէջ կը նշուի 15 Յուլիս 2016 թուականի տխուր դէպքերուն 10-րդ տարելիցը։ Ձախող պետական հարուածը տասն տարի առաջ եկած էր Թուրքիոյ մէջ ամրապնդել այն գիտակցութիւնը, թէ ժողովրդավարութիւնը, ազգային միասնականութիւնը անփոխարինելի են երկիրը ամէն տեսակ ցնցումէ պահելու համար։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկիզբ առած հայագիտական եւ կրօնագիտական դասընթացքներուն առթիւ սփիւռքի զանազան թեմերէն ժամանած շուրջ երեսուն երիտասարդները:
Գնալը կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս, Ներսէսեան դպրաց դասու նախաձեռնութեամբ, այս ամառ ալ մանուկներու համար հայերէնի աշխատանքներ նախատեսուած են:
ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԱՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մայիսին, կը նստիս պսակաւոր հողմածաղիկներուն ու հրացանին միջեւ։
Ասիկա առաջին ճամբորդութիւնդ է։ Ասիկա վերջին երկիրն է։
