ՍՔԱՆՉԵԼԻ ՄԵՐ ԱՇԽԱՐՀԸ
«Երանի՜ խաղաղարարներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին»։ (Մատթ. 5.9)
Առաջին անգամը չէր անշո՛ւշտ, որ մեր վարչապետը դիմատետրի իր էջին վրայ մէջբերում մը ըրաւ Աստուածաշունչէն։ Ո՛չ։
Սպիտակ տան մէջ կայացած «պատմական» կոչուող այդ օրուան ընդառաջ հրապարակուեցաւ վարչապետին այս մէջբերումը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփ, վերը մէջբերուած բո՛ւն խաղաղարարը, «հրաշալի», «սքանչելի», «խելացի» առաջնորդներ են, ըսաւ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդները, որոնք երկա՜ր տարիներու թշնամութեան ու պատերազմներուն կռնակ դարձուցած՝ սէր ու ժպիտով ձեռք սեղմեցին ու ստորագրեցին խաղաղութիւն հաստատելիք պատմական հռչակագիրը։
Պատմական է այս օրը անկասկած, բայց ամէն պատմական իրադարձութիւն յաղթակա՞ն է։
Ե՛ւս մէջբերում մը.
«Այլեւս պատերազմ պիտի չըլլայ։ Մեր երեխաները այլեւս պիտի չզոհուին։
Միջանցք պիտի չըլլայ։ Ճանապարհները պիտի բացուին: Տարածաշրջանի բոլոր ճանապարհներն ու սահմանները պիտի բացուին: Մեր տնտեսութիւնը պիտի շնչէ: Ամէն օր մեր պետութիւնը աւելի անկախ եւ ինքնիշխան պիտի ըլլայ։
Կեցցէ՛ Ապագան, որ այսօր կը կերտենք, Ապագայ կայ, կայ ապագայ։
ԿԵՑՑԷ՜ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ,
Կեցցէ՛ այն իրական Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ մենք միշտ երազած ենք, որ յաւէտ է», նոյն՝ պատմական օրը գրեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահը։
Երանի՜ մեր զաւակներուն, եթէ այս տողերը պատկերացնող Հայաստան մը պիտի տեսնեն։
Կարեւոր են այս մէջբերումները.
Մեզի հասած մեր պատմութենէն ու անոր մէջբերումներէն շատ բաներ սորվեցանք մենք։ Ճշդեմ՝ կարդացինք, հաւատացինք, յուսացինք, ըրինք (դեռ կ՚ընենք), շարունակեցինք, խաբուեցանք, հասկցանք, որ խաբուեցանք, բայց չսորվեցանք։
Չսորվեցանք, քանի որ իր պետական այրերուն լեզուով «սուվերէն» կոչուող հայախօս Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու կողմէն գրաւուած քիլոմեթրեր կան։
Չսորվեցանք, քանի որ Պաքուի բանտերուն մէջ հայ ռազմագերիներ կան։
Չսորվեցանք, քանի որ թաւշեայ յեղափոխութեամբ դէպի ժողովրդավարութիւն անցնող մեր հանրապետութեան մէջ իշխանութեան դէմ արտայայտուելով մեղադրուող քաղաքական բանտարկեալներ կան։
Չսորվեցանք, քանի որ հայաթափուած Լեռնային Ղարաբաղ մը կայ, որուն մէ՛կ օրուան մէջ դուրս եկած 120 հազար բնակչութիւնը դառնալու իրաւունքի մասին կը խօսի։
Չսորվեցանք, քանի որ նոյն այդ 120 հազարը Հայաստանի Հանրապետութեան մարզերուն մէջ չի փափաքիր ապրիլ։
Չսորվեցանք, քանի որ Սփիւռքի մեր միութիւններուն ու գրքունակ մեր դասախօսութիւններուն մէջ «Արցախ» անունը կը գործածենք, երբ պատմական այս հռչակագրին մէջ «Լեռնային Ղարաբաղ»ն ա՛լ չյիշուեցաւ։
Չսորվեցանք, քանի որ իշխանութիւն-եկեղեցի խորագրին տակ գոյատեւող հակամարտութիւն մը կայ «Ապագայ» ունեցող մեր հայրենիքին մէջ։
Չսորվեցանք, քանի որ աշխարհահռչակ Ճենիֆըր Լոփեզին՝ մեր երկրին մէջ համերգ մը տալու իրողութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան «կատարելապէս խաղաղ» ըլլալը կը նշանակէ. «Այլապէս՝ չէր գար», ըսաւ համերգը կազմակերպող ընկերութեան տնօրէնը։
Չսորվեցանք, քանի որ նո՛յն այդ համերգին օրը Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը հայ-ատրպէյճանական սահմանին կառուցողական աշխատանքներ կատարող սարք մը հարուածեցին։
Չսորվեցանք, քանի որ «տուժածներ չկա՛ն», գրեց պաշտպանութեան մեր նախարարութիւնը։
Հոգ չէ՛, թերեւս կը սորվինք։
Յոռետես մի՛ ըլլաք կ՚ըսեն «պատմական» այս իրադարձութեամբ խանդավառները։ Ամենավատ պայմաններով խաղաղութիւնն ա՛լ պատերազմի վախ ու արհաւիրքէն լաւ չէ՞։
Պատասխանները կրնան տարբերիլ, բայց զոհերու ե՛ւս անյայտ թիւի մը յառաջանալը որո՞ւն գոհ կրնայ պահել։ Ո՛չ ոքի։ Սփիւռքի մէջ, ո՛չ թէ մաքուր, այլ՝ նորմալ հայերէնով կէս նախադասութիւն կազմող մեր աշակերտներով ուրախացողներս, պիտի չուզենք, անկասկած, որ հայրենիքի մէջ հայ ընտանիքներ կառուցելիք տղաք զոհուին...
Յուսա՜նք, ուրեմն։
Փա՜ռք նորարար արհեստագիտութեան, որով առիթ ունեցայ տանս մէջ նստած հետեւելու «պատմական» այս իրադարձութեան, լսեցի Ամերիկայի նախագահին՝ զանգո՛վ մը որեւէ խնդիր լուծելու մեծահոգի խոստումները եւ ամենակարեւորը՝ ուրախ այս միջոցառման աւարտին, «What a wonderful world»ի եդեմային երգի ներքոյ դիտեցի ջերմօրէն զիրար շնորհաւորողները...
Սքանչելի է, այո՛, մեր աշխարհը, որուն խաղաղութեան նոպելեան մրցանակի թեկնածու ըլլալու պատրաստուող մեծագո՛յն խաղաղարարը հպարտութեամբ նշեց խաղաղութիւն հաստատելու իր ուրախութիւնը եւ խորո՜ւնկ ափսոսանքով յիշեց մեր եւ մեր թշնամիին (արդէն՝ բարեկամին) տուած զոհերը. գերմարդկային մենաշնորհ մը, որուն չարժանացան, օրինակ, արդէն 60 հազարը անցնող Կազզէի զոհերը...
Երանի մեզի։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ