Արխիւ
Երէկ, Մատենադարանի երդիքին տակ կազմակերպուած Հայագիտութեան միջազգային երրորդ քոնկրէսը հասաւ իր աւարտին։ Երեւանի մէջ կազմակերպուած այս կարեւոր հաւաքը վերջին օրերուն մագնիսացուցած էր գիտական շրջանակներու ուշադրութիւնը։ Պոլիսէն այս ժողովներուն մասնակցեցաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քահանայ Տամատեան։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Գոյութենականութիւնը մարմնաւորում առած է մարմիններով։ Հաւանաբար, մարդկային զգացողութեան ու գիտակցութեան սահմանումով նոյն մարդկային մարմինը ամենակատարեալն է երկիր մոլորակին վրայ՝ ո՛չ թէ որովհետեւ ան ամենագեղեցիկն է, այլ մեր իմացականութեան մէջ, միւս կենդանիներուն ու արարածներուն բաղդատմամբ, մարդկային մարմինը ամենաոգեղինացածն է:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը կոչ ուղղեց, որպէսզի Ատրպէյճանի հայ գերիներն եւ պատանդները անյապաղ առանց նախապայմանի ազատ արձակուին։
Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ունի Ռուսաստանի եւ իր երկրին միջեւ առկայ պատերազմը դադրեցնելու քանի մը ծրագիր։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յայտարարեց, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրավիճակը դուրս կու գայ վերահսկողութենէ։
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Եւրոպայի հարցերով լիազօր նախարար Պենժամէն Հատատի հետ։
Հայագիտութեան միջազգային երրորդ քոնկրէսը այսօր կ՚եզրափակուի. բազմակողմանի քննարկումներու յաւակնոտ հարթակ:
Համագործակցութեան նոր ծրագրերը կը մշակուին յստակ ռազմավարութեան մը առանցքին շուրջ՝ թուային հորիզոններով հանդերձ: Մասնագէտները նկատի կ՚ունենան նաեւ զանազան դրամաշնորհային նախագծեր, որոնք հնարաւորութիւն կրնան ընձեռել միջոցներ գտնելու՝ նպատակներու իրականացման ճանապարհին:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Աշխարհի ամենէն սիրուած մարզաձեւը ունի շատ անհրաժեշտ դաստիարակիչ յատկութիւն մը, եթէ անշուշտ ճիշդ գործածուի: Այս մասին Մեթրօ կայքէջի յօդուածագիր Քրիստի Քեթլի գրած է իր տեսակէտը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ամէն առաւօտ, երբ մեր աչքերը կը բանանք, կը կարծենք, թէ նոր օր մը կը սկսի։ Բայց իրականութեան մէջ, մեզմէ շատեր արդէն իսկ պատերազմի մէջ են. պատերազմ մը, որուն մէջ ո՛չ հրացան կայ, ո՛չ ալ ռումբ, բայց, անոր հասցուցած վնասը երբեմն աւելի խոր է, քան ամենաաւերիչ պատերազմները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ողջոյն տուք միմիանց…», այս խօսքով արդէն կը ծանօթանանք Յիսուսի եւ Անոր խաղաղութեան եւ այս ճամբով կը տարածենք առաքելաշաւիղ քրիստոսաւանդ խաղաղութիւնը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ալտըս Հաքսլիի այս աշխատութեան մէջ ամենէն կարեւոր միտքերէն մէկը, որ կը յայտնէ հետեւեալն է. տակաւին 1932 թուականին անգլիացի մտաւորականը կը գրէր, որ աշխարհը կը ձգտի մարդուն մէկ բան համոզել. «Նորը գնելը աւելի լաւ է, քան հինը նորոգելը»։
Հայաստանի Պետական սենֆոնիք նուագախումբը, որ կը նշէ իր հիմնադրութեան 20-ամեակը, արդէն յոբելենական շրջանին համերգաշարով մը ներկայացաւ երաժշտասէրներուն։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ Թեհրանի վերաբերեալ մօտեցումները։
Երէկ, Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ ու Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալաս հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Էտուըրտ Միլիպենտի հետ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Արթուն Էօզպիւլպիւլ այս տարի աւարտած է համալսարանը:
Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ՝ նորոգ հանգուցեալ Մաթիլտ Մոսկոֆեանի յուղարկաւորութեան տխուր արարողութիւնը։ Յուղարկաւորները յուզումնախառն մթնոլորտի մէջ հրաժեշտ տուին նորոգ հանգուցեալ Մաթիլտ Մոսկոֆեանին, որ մեր համայնքի երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն մին էր։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Հայաստանի կեդրոնի դահլիճի երդիքին տակ աննախընթաց ձեռնարկ:
Մեներգչուհի Սիպիլի երաժշտութիւնը նոր հարթութեան վրայ՝ տեսահոլովակի մէջ մեծն Կոմիտասի հետ խորհրդանշական զուգերգով:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը խոր ցաւով գուժեց մահը՝ երէց սերունդի հոգեւորականաց դասէն Տ. Սիփան աւ. քհնյ. Մխսեանի։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդ Տ. Եզրաս արք. Ներսիսեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց՝ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու գործակից ընկերները։