Արխիւ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ:
Երէկ, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ՝ նոր զանգակատան բացումն ու նոր զանգակի օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. արքեպիսկոպոս Մաշալեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ գահակալ Տ. Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի յիշատակին կազմակերպուած մարզական խրախճանքը, որ վերջին օրերուն մեծ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ, երէկ երեկոյեան եզրափակուեցաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս կազմակերպուած հանդիսութիւնով մը։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի երէկ ունեցան հանդիպում մը, որու ընթացքին քննարկեցին Պարսից ծոցէ ներս առկայ լարուածութիւնը։
Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յաջորդ շաբթուան սկիզբին պիտի այցելէ Ուաշինկթըն։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով՝ յուլիսի 28-ին, Սպիտակ տան մէջ, ան ժամադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
25 յուլիսին, 174 տարիներու հեռաւոր անջրպետէ նայելով ու վեր առնելով ծննդեան տարեդարձը Մինաս Չերազի (Պոլիս, 25 յուլիս 1852 - Փարիզ, 24 փետրուար 1929), կը մտաբերեմ 1850-1885 երկարող ժամանակաշրջանը, այս պարագային՝ Զարթօնքի սերունդի Կրտսեր ռոմանթիքներու գլխաւոր գրողները:
Երէկ, Մատենադարանի երդիքին տակ կազմակերպուած Հայագիտութեան միջազգային երրորդ քոնկրէսը հասաւ իր աւարտին։ Երեւանի մէջ կազմակերպուած այս կարեւոր հաւաքը վերջին օրերուն մագնիսացուցած էր գիտական շրջանակներու ուշադրութիւնը։ Պոլիսէն այս ժողովներուն մասնակցեցաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քահանայ Տամատեան։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Գոյութենականութիւնը մարմնաւորում առած է մարմիններով։ Հաւանաբար, մարդկային զգացողութեան ու գիտակցութեան սահմանումով նոյն մարդկային մարմինը ամենակատարեալն է երկիր մոլորակին վրայ՝ ո՛չ թէ որովհետեւ ան ամենագեղեցիկն է, այլ մեր իմացականութեան մէջ, միւս կենդանիներուն ու արարածներուն բաղդատմամբ, մարդկային մարմինը ամենաոգեղինացածն է:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մերձաւոր Արեւելքի տեւական տագնապներու լոյսին տակ. ձախող հաշուարկներ, բարդ հարցումներ:
Հիւրմիւզի ջրանցքն ու Կարմիր ծովը կը շարունակեն մնալ համաշխարհային տնտեսութեան ամենազգայուն կէտերը:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մանկավարժ, հրապարակագիր, խմբագիր եւ ազգային գործիչ Յակոբ Գուրգէն (Պիպէռճեան), ծնած է 1850 թուականի յուլիսի 13-ին, Պէշիկթաշի մէջ, Իսթանպուլ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Թարգմանչաց վարժարանէն ներս:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տէրունական աղօթքին այս տողը. «Քու կամքդ թող ըլլայ…» կարգ մը հաւատացեալներու կարծիքով ամենադժուարին մասը կը կազմէ անվերապահօրէն ընդունելու համար, քանի որ կ՚ենթադրէ անհատի ազատութեան սահմանափակում եւ կամ ճնշում անոր կամքին վրայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Քաջ նոր աշխարհ» աշխատութեան մէջ հեղինակ Ալտըս Հաքսլիի լայն տեղ կու տայ հաւատքին եւ կը քննադատէ մարդկային հաւատքը, շատ անգամ այդ մէկը իմաստէն բաժնուած ու արհեստական նկատելով։ Հեղինակը դիտել կու տայ, որ աշխարհի մէջ փոփոխութիւն կը կրէ մարդոց հաւատքը.
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ալտըս Հաքսլիի այս աշխատութեան մէջ ամենէն կարեւոր միտքերէն մէկը, որ կը յայտնէ հետեւեալն է. տակաւին 1932 թուականին անգլիացի մտաւորականը կը գրէր, որ աշխարհը կը ձգտի մարդուն մէկ բան համոզել. «Նորը գնելը աւելի լաւ է, քան հինը նորոգելը»։
Հայաստանի Պետական սենֆոնիք նուագախումբը, որ կը նշէ իր հիմնադրութեան 20-ամեակը, արդէն յոբելենական շրջանին համերգաշարով մը ներկայացաւ երաժշտասէրներուն։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ Թեհրանի վերաբերեալ մօտեցումները։
Երէկ, Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ ու Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալաս հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Էտուըրտ Միլիպենտի հետ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը կոչ ուղղեց, որպէսզի Ատրպէյճանի հայ գերիներն եւ պատանդները անյապաղ առանց նախապայմանի ազատ արձակուին։
Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ունի Ռուսաստանի եւ իր երկրին միջեւ առկայ պատերազմը դադրեցնելու քանի մը ծրագիր։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յայտարարեց, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրավիճակը դուրս կու գայ վերահսկողութենէ։
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Եւրոպայի հարցերով լիազօր նախարար Պենժամէն Հատատի հետ։