Արխիւ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Աշխարհի վրայ ամէն ինչ ձայն ունի։ Ամէն ինչ բան մը կ՚ըսէ։ Անոնցմէ շատերը կը լսենք, քանի դեռ ունինք լսողութեան ունակութիւն: Անշուշտ, սա լսելու խնդիր է։ Երբ ականջ չես տար այդ ձայներուն, չես կրնար լսել:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պարտութենէ՝ յաղթութիւն. այս է ահաւասիկ «կեանք»ը իր խորքովը, թէ՛ մահէն առաջ, թէ՛ մահէն յետոյ։
«Երեւոյթ»ն է մահը, կեանքն է «իրականութիւն»ը։ Եւ բնութիւնը երգի՛չն է «իրականութեան»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ծնողներ ընդհանրապէս կ՚ուզեն իրենց զաւակները՝ մանաւանդ դուստրերը պսակել. իրենց խօսքով կ՚ուզեն «տուն-տեղ ընել» եւ այդպիսով ծնողական պարտականութիւններէն մեծագոյնը կատարած ըլլալ կը կարծեն։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի պարագային այս ամառ տեղի պիտի ունենայ կազմի փոփոխութիւն։ Երէկ երեկոյեան, Գարակէօզեան Տան նորընտիր խնամակալութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի, ընթրիքի սեղանով մը հիւրընկալեց Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաքն ու գործակից ընկերները, որոնք վերջին չորս տարիներուն ստանձնած էին հաստատութեան ղեկը։
Երէկ, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան աւանդական տօնակատարութիւններ՝ Ս. Վարդանանց տօնին առթիւ։ Ս. Պատարագին նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ շեշտեց, թէ Վարդանանց պատերազմը հայ ժողովուրդի գոյութեան եւ կրօնի պահպանման համար մեծ պայքար մը եղած էր։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Հայրապետական մաղթանք տեղի ունեցաւ Ս. Վարդանանց տօնին առթիւ:
«Յաւիտենական կեանքի զօրագլուխ Քրիստոսը ընտրելով՝ մենք յաղթեցինք, պայքարելու մեր ոգին վերանորոգեցինք»:
Երկրաշարժէն վերջ Հայաստանէն Թուրքիա եկած փրկարարներու խումբը արդէն կ՚աւարտէ իր առաքելութիւնը աղէտի գօտիին մէջ։ Հայ փրկարարներու ջոկատը աւելի քան շաբաթէ մը ի վերջ աշխատած էր Ատըեամանի մէջ։
Երկրաշարժի ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած ողբերգական իրավիճակին մէջ դրսեւորուած մարդասիրական մօտեցումը նոր նախադրեալներ կը ստեղծէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը որակապէս նոր հարթութեան մը վրայ դնելու առումով: Միջազգային դրական արձագանգ:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Արարատ Միրզոյեան երէկ ունեցան առանձնազրոյց մը, յետոյ պատուիրակութիւններու ձեւաչափով բանակցութիւններ վարեցին, հուսկ սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը: Նախարարներուն կողքին էին երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչները՝ Սերտար Քըլըչ եւ Ռուբէն Ռուբինեան, որոնք մէկտեղուեցան շուրջ կէս տարուան ընդհատումէ մը վերջ:
Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ ի յայտ կու գան հետզհետէ աւելի շօշափելի ծրագրեր. դէպի սահման ճանապարհներու վերաբերեալ քայլերու արագացում, Անիի պատմական կամուրջի համատեղ վերանորոգում:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Վարդանանց տօնի նախատօնակին։ Ներկայ էին Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը տօնախմբէ Սրբոց Վարդանանց զօրավարներու յիշատակը։ Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցի ամենայատկանշական յիշատակումներէն մին է այս մէկը։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Սիրահարներու օրը անցաւ, վերջը անդրադարձայ: Յանցաւորը ես չեմ, մեր հոգիներէն սրբեցին մեր բոլոր տօները: Իսկ տօնը կը բխի քու ներսէդ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ֆրանսական նշանաւոր «լ՚Իւմանիթէ» ամսագիրը փետրուար 16-ին յատուկ թողարկում մը նախատեսած է՝ ի յիշատակ հայ բանաստեղծ, ֆրանսական դիմադրութեան շարժման մարտիկ, հակաֆաշական գործիչ եւ Ֆրանսայի ազգային հերոս Միսաք Մանուշեանին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Անցնող շաբաթասկիզբը սարսափազդու եւ ահաւոր զգացումներու եւ ապրումներու շաբաթասկիզբ մը եղաւ ամբողջ աշխարհին համար, յատկապէս Սուրիոյ Արաբական եւ Թուրքիոյ հանրապետութիւններուն համար, երբ զօրաւոր երկրաշարժ մը՝ 7.8 ուժգնութեամբ հարուածեց Թուրքիոյ հարաւային, արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան, իսկ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան շրջանները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Վարդանանց տօն է. Յարութեան խօսքն է հիմա, որ կը լեցնէ մեր կեանքը, մեր ապրումները, որոնք կարծես հայութեան յաւերժութենէն փրթած լոյսի շողեր են՝ մեր կեանքի անհաւատալի պահերուն մէջ ճառագայթած։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ներկայիս շա՜տ շատեր թատրոնը չեն սիրեր, սակայն կար ժամանակ, որ մամուլի կողքին մարդոց մեծագոյն զբաղմունքն ու ժամանցը թատրոնն էր, սակայն այդ մէկը որպէս «զբաղմունք» ընդունիլը կը նեղացնէր մտաւորական խաւը, որոնք թատրոնը ժամանցէ եւ զբաղմունքէ աւելի որպէս դպրոց կը տեսնէին:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1905)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հագուստին նշանակութիւնը: Ինչպէ՞ս պէտք է պարուրել: Մեր պարուրներուն վնասակարութիւնը: Հագուստէն եւ պարուրէն ի՞նչ կը պահանջուի: Փաթաթաններն ու հագուստը ի՞նչ կտորներէ պէտք է ըլլան:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Օրերս որոշեցի կանուխ պառկիլ: Կանուխ ըսածս կէսգիշերին՝ տասներկուքին: Մինչեւ Դանիէլը քնացաւ, իմ քունն ալ եկաւ: Աղուոր մը խաղացինք:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սիրելի՜ներ, երբեմն կը գանգատինք՝ երբ տխուր եւ ցաւալի փորձառութիւններ կ՚ունենանք մեր կեանքի ընթացքին եւ ասիկա շատ բնական է, քանի որ զգացումներով կը շարժինք շատ անգամ, եւ մեր զգացումները յաճախ կը խափանեն մեր բանականութիւնը, եւ կը կանխեն զայն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Որքա՜ն մութ է հիմա ներսս եւ այդ մթութեան չափ անբարբառ է խիղճս, որ անճրկած չի՛ կրնար դիրքորոշում մը ունենալ: Սիրտս ալեկոծ՝ ներքին պայքար մը տեղի կ՚ունենայ. կը տեսնեմ հազարաւորները՝ աւերակներուն տակ անշնչացած եւ կարեկցութեան բուռն կրակ մը կը բոցավառուի:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հիւրընկալեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը, որ զօրակցութեան այց մը տուաւ Թուրքիա: