ՂՊՏԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին ընդունեց Ղպտի ուղղափառ եկեղեցիէն պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Տ. Տաւուտ Լամէյ Աւ. Քահանայի։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Ղպտի եկեղեցին Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքին մաս կազմելով, դաւանակից է Հայ եկեղեցւոյ։

Այցելութեան ընթացքին Տ. Տաւուտ Լամէյ Աւ. Քահանայ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հաղորդեց, որ Իսթանպուլ կը գտնուի, որպէսզի այցելէ քաղաքի Ղպտի եկեղեցւոյ անդամներուն։ Ան նաեւ ողջոյնները փոխանցեց Տ. Թաւատրոս Պատրիարքին։

Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ շեշտեց միջեկեղեցական ու յատկապէս դաւանակից եկեղեցիներու եղբայրական յարաբերութեանց կարեւորութիւնը։ Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը եղբայրաբար ողջունեց հիւրերը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2023