ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ «ԿՈՎԵՐՈՒ ՊԱՐՏԷԶ»Ի ՎԱՐՁԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ՉԵՂԱՐԿՈՒՄԷՆ ՎԵՐՋ ՀԱՅՈՑ ԴԷՄ ԲՌՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁԵՐ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի վարձակալութեան գործարքի չեղեալ յայտարարուիլը նոր մարտահրաւէրներու դուռ բացած է սաղիմահայ կեանքէն ներս։ Սուրբ Աթոռի աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին «Կովերու պարտէզ»էն ներս բռնութիւններու մասին։ Այսպէս, ըստ Պատրիարքարանի դիւանի աղբիւրներու հաղորդումներուն, «Կովերու պարտէզ»ի վարձակալութեան պայմանագիրը չեղեալ նկատելու ուղղեալ նամակին մէջ, երկրորդ կողմը արձագանգած է տարածքին վրայ գոյութիւն ունեցող պարիսպի եւ կայանատեղիներու քանդումով, ասֆալթը կոտրելով եւ շատ աւելի մեծ վնասներ պատճառելու սպառնալիքով։ Այսինքն, այս բռնութիւնները գործուած են, երբ երկրորդ կողմը տակաւին չէ պատասխանած Պատրիարքարանի պաշտօնական նամակին։

Այդ երկրորդ կողմը նոյնիսկ զինեալ անվտանգութեան աշխատակիցներ ու մարզուած շուներ բերած է Հայոց Պատրիարքութեան «Կովերու պարտէզ» տարածքը՝ պահանջելով կալուածը ազատել հայկական ներկայութենէ։ Այս պահանջին փոխարէն՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամներն ու հայ համայնքէն դէմքեր փութացած են դէպքի վայր, ուր խաղաղ կերպով հաւաքուելով յայտնած են իրենց դժգոհութիւնն ու անհամաձայնութիւնը այդ պահանջին դէմ։ Քանի մը ժամ յետոյ կողմերը համաձայնած են հեռանալ կալուածէն ու ոչինչ ընել այնքան ժամանակ, մինչեւ որ Հայոց Պատրիարքութիւնը ստանայ վարձակալութեան համաձայնագիրը չեղեալ նկատելու մասին իր ուղարկած պաշտօնական նամակին պատասխանը։

Շաբաթավերջի այս իրադարձութիւններու շարունակութեան կը սպասուի ուշադրութեամբ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2023