Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայերուս մէջ ախտի վերածուած է բողոքել ու գանգատիլ նիւթական անբաւարարութեան մասին, սակայն ըստ երեւոյթին իրականութիւնը ամբողջութեամբ տարբեր է. վերջերս սփիւռքի մէջ հայկական նորակառոյց թանգարանի մը շինութեան համար գաղութ մը ծախսած է աւելի քան 3 միլիոն ամերիկեան տոլարի հասնող գումար. գումար՝ որ թանգարանը երբեք ալ իր մուտքերով պիտի չկարենայ որպէս «շահ» վերադարձնել:
Անգարայի մէջ երէկ սկաւ 14-րդ Դեսպաններու խորհրդաժողովը։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի գլխաւորութեամբ, խորհրդաժողովի մասնակիցները յարգանքի այցելութիւն մը տուին Մեծն Աթաթիւրքի յուշադամբանը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երկրի առկայ տնտեսական դժուարութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ երէկ հանդէս եկաւ խրախուսական պատգամներով։ Անգարայի մէջ, կառավարութեան հերթական ժողովէն վերջ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս ան ընթացիկ յայտարարութիւնները ըրաւ՝ ազգին ուղղեալ խօսքի ձեւաչափով։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ երէկ յետմիջօրէի ժամերուն Սահակ Սարգսեան-Արփինէ Աւդալեան ամոլը բախտաւորուած է դուստրով մը, որ կոչուած է՝
ԱՐԵՒ
Մայրը եւ նորածինը քաջառողջ են։ Նորածին փոքրիկը արդէն իր ծնողներու երրորդ զաւակն է։
Պաշարեալ Արցախի իրադրութեան բնութագրումը հետզհետէ կը դժուարանայ։ Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղ ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութիւնը արդէն 12 օրէ ի վեր տեղ հասցնել հնարաւոր չ՚ըլլար։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրակազմէն Պիանքա Սարըասլան, որ վերջին օրերուն այցելեց Հայաստան, երէկ վերադարձաւ Թուրքիա։ Շուրջ մէկ շաբթուան կեցութենէ մը վերջ «FlyOne Armenia»ի Երեւան-Իսթանպուլ ուղիղ թռիչքով ան երէկ առաւօտ հասաւ քաղաքս։
Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Աստուածածնայ ուխտի շաբթուան ծիրէն ներս, երէկ տեղի ունեցաւ Հայ երաժշտութեան երեկոյ, Մարալ Այվազ Չաղլըչուպուքճուի եւ Գերմանիայէն հիւրաբար քաղաքս եկած Առէն Էմիրզէի մասնակցութեամբ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի անդամները, որոնք այս շրջանին մեկնած են Հայաստան։ Մարալցիները, որոնք Համահայկական 8-րդ խաղերու բացման ելոյթ ունենալու համար Հայաստանի մէջ կը գտնուին, ուխտի այցելութիւն մը տուին համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնին, որու խորախորհուրդ մթնոլորտի իսկական ներշնչման առիթ մը դարձաւ իրենց համար։
Երէկ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր հիւրընկալեց Լիբանանի պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիքա Եպիսկոպոսը։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պիքֆայայի վանքին մէջ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Իրանի նորանշանակ դեսպան Մեհտի Սոպհանին։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց դեսպանը նշանակման կապակցութեամբ եւ մաղթեց արդիւնաշատ ծառայութիւն։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
-«Էսքիւզ սըր. եու արմէնիըն»,- յանկարծ լսեցի աջ կողմէս տարեց մէկու մը ձայնը, երբ հսկայ վաճառատուն-դեղարանէ մը ներս շարքի կեցած էի, բժիշկիս յանձնարարած նոր դեղերս վերցնելու համար:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Սուրիահայերը իրենց մեծ զանգուածային հաստատմամբ Սուրիոյ մէջ, անցեալ դարու երկրորդ կէսերէն, առաջին հերթին սկսան սնունդի եւ ուտեստեղէն-ըմպելիքներու մէջ դեր ունենալ եւ նորամուծութիւններ բերել տարբեր մակարդակներով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Առակաց 17.6-ին մէջ կը կարդանք. «Թոռները ծերերուն պսակն են եւ որդիներուն պարծանքը իրենց հայրերն են». ինչպէ՞ս կարելի է հասկնալ այս համարը:
Պատասխան. Այս համարը Տասնաբանեայ պատուիրաններուն մէջ յիշատակուած ծնողայարգութեան պատուիրանէն ետք, թերեւս ամենէն գեղեցիկ համարներէն մէկն է կապուած ընտանիքի գաղափարին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջերս յունական «Կորնթոսի ձայն» թերթին մէջ լոյս տեսած է յոյն յօդուածագիր Եւանկելոս Քոքինիուի «Հայ աշխատաւորներուն ներդրումը Իսթմուի ջրանցքի շինարարութեան գործին մէջ» խորագրով հետաքրքրական յօդուածը, որուն մէջ կը նկարագրուի Մուշէն Յունաստան գացած շուրջ 1400 հայ բանուորներու աշխատասէր համբաւը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Իր ողջ հոգիով եւ էութեամբ կապուած ըլլալով Հայաստանի հետ՝ նկարիչ-խեցեգործ Շահէ Տէր-Յարութիւնեան հայրենիքի մէջ մինչ այժմ ցուցահանդէս չէր ունեցած:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Primum non nocere». Hippocrates։ Բժշկութեան առաջին եւ կարեւոր սկզբունքն է՝ նախ վնաս չպատճառել։ Ուստի, Hippocratesի աշակերտ եւ հետեւող ամէն բժիշկ գիտէ եւ կը կիրարկէ, կը գործադրէ այս հիմնական սկզբունքը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ծանօթ աղջիկ մը մի քանի ամիսներ առաջ համացանցի ճամբով տղու մը կողմէ ստացած էր հետեւեալ նամակը. «Հետդ լուրջ նպատակներով կ՚ուզեմ ծանօթանալ, բայց ամուսնանալէ ետք բեմ բարձրանալով պիտի չերգես»:
Սէուտական Արաբիոյ հիւրընկալմամբ շաբաթավերջին Ճիտտէի մէջ տեղի ունեցաւ «Ուքրայնայի խաղաղութեան խորհրդաժողովը»։ Աշխարհի աւելի քան չորս տասնեակ երկիրներէն՝ ազգային անվտանգութեան գծով բարձրաստիճան պաշտօնատարներ համախմբուեցան Ճիտտէի մէջ, ուր չէ հրաւիրուած Ռուսաստան։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի՝ վերջերս տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցին ի շարունակութիւն այժմ կը սպասուի անոնց դէմ դիմաց հանդիպման, որու մասին համաձայնութիւն գոյացած էր։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը փառաշուք ելոյթով մը հերթական անգամ հմայեց հանդիսատեսները:
Երեւանի «Յակոբ Պարոնեան» պետական երգիծական թատրոնի սրահի բեմին վրայ անմոռանալի երեկոյթ մը՝ Կարպիս Չափքանի մականին ներքեւ: