Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անվիճելի փաստ է, որ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ վճռորոշ դերը այլեւս անուրանալի է։ Ընդունինք կամ ոչ, Երեւանի վերջին իրադարձութիւնները արդէն կը յուշեն, թէ Եկեղեցին ալ անխառն մասնիկն է Հայաստանի հասարակութեան եւ բաւարար ներուժ ունի հանրային կարծիք ձեւաւորելու եւ այդ մէկը որոշ հունով մը առաջնորդելու։
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր կու գանք աւարտին հասցնելու Մուշեղ Եպիսկոպոս Սերոբեանի արգասիքը հանդիսացող գրութիւններուն ծանօթացումը, մեր սիրելի ընթերցողներուն ներկայացնելով անոր «Դիտումներ եւ դատումներ. (Էջեր օրագրէս)» գիրքը, որ լոյս տեսած է 1932-ին, Պէյրութի մէջ, Մուշեղ Սրբազանի եկեղեցական կարգը ձգելէն ետք:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիշելու եւ մոռնալու մասին խորհրդածելէ առաջ, ըսենք որ յիշելը՝ մոռցած ըլլալը կերպով մը խոստովանիլ կը նշանակէ։ Շատ հասկնալի է, որ մոռցուածը կը յիշուի, եւ այն՝ որ չէ մոռցուած յիշել անիմաստ է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կ՚ուզեմ որպէս հանդիսատես հեռուէն դիտել ընդհանրապէս բոլոր աշխարհին եւ մասնաւորաբար Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաոսը, ուր «շունը տիրոջ չի՛ ճանչնար». ընդհանուր անհասկնալի վիճակ մը պարզապէս թէ՛ ազգային, թէ՛ քաղաքական եւ թէ հոգեւոր գետնի վրայ. մէկ կողմէն ականատես կ՚ըլլանք, թէ ինչպէս մեր յաղթուած քաղաքական գործիչներն ու ղեկավարները իրենց մահամերձ ու խայտառակ վիճակը ծածկելով կը փորձեն ներկայացնել «յաղթական» իշխանութիւն մը, անտես առնելով թշուառութեան մէջ գտնուող բազմաթիւ գաղթականները. միւս կողմէ կը տեսնենք, թէ հոծ բազմութիւն մը, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ գլխաւորութեամբ կը պայքարի ու կ՚ընդդիմանայ ներկայ իշխանութիւններուն, հակառակ Աստուածաշնչական այն խօսքին, որուն համաձայն «որ հակառակ կայ իշխանութեանն, Աստուծոյ հրամանին հակառակ կայ» (Հռ 13.2):
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Եթէ մէկ կողմ թողենք բոլոր տեսակի արդար կամ անարդար մեղադրանքները, ապա այսօրուայ իշխանութիւններու քոնսեփթիւէլ սխալն է, որ անոնք կը կարծեն, թէ հնարաւոր է պատերազմէն խուսափիլ կամ, առնուազն, անորոշ ժամանակով զայն յետաձգել:
Ռուսաստան եւ Չինաստան կը ծրագրեն մօտաւոր ապագային կնքել պայմանագիր մը, որու հիման վրայ Մոնղոլիոյ տարածքով նոր կազատար մը պիտի կառուցուի։ Այսպէսով կը նախատեսուի Ռուսաստանէն դէպի Չինաստան բնական կազ մատակարարել։
ԵԽ-ի նախարարաց կոմիտէն ողջունեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատումը:
Միրզոյեան մարդասիրական հրատապ հարց կը նկատէ պատանդներուն եւ գերիներուն ազատ արձակումը:
Անիի պատմական կամուրջի վերանորոգութեան համար մշակուած ծրագիրը միշտ կը զբաղեցնէ Թուրքիա-Հայաստան օրակարգը:
Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի որոնումներու մթնոլորտին մէջ մշակոյթի նախարարներու տեսակցութիւն:
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Արմէն Գրիգորեան երէկ Հանրային հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին ժամանակ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի հետ սահմանագծման։ «Եթէ սահմանազատում կը կատարուի, ապա դիրքերը կարեւոր չեն, կարեւոր է՝ սահմանին ուրկէ անցնիլը», ըսաւ ան։
Միրզոյեան Սթրազպուրկի մէջ տեսակցեցաւ ԵԽ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ ԵԽԽՎ-ի նախագահին հետ:
«Հայաստան շինիչ ներգրաւուած է՝ տարածաշրջանային կապուղիներու ապաշրջափակման ուղղեալ քննարկումներուն»:
Թիֆլիզ կը հաւատայ, թէ Երեւանն ու Պաքուն հաշտութեան ուղղութեամբ պայմանաւորուածութեան կը հասնին:
Էրտողան պատմական հնարաւորութիւն կը համարէ Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագիրը:
Երեւան-Պաքու երկխօսութիւնը կը շարունակուի զանազան հարթութիւններու վրայ՝ մինչ կողմերը խտացեալ աշխատանք կը տանին ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի պատրաստութեան ուղղութեամբ։ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան երէկ Ժընեւի մէջ տեսակցեցաւ Ատրպէյճանի ազգային ժողովի նախագահ Սահիպա Կաֆարովայի հետ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ թաղի այցելու հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։
Ամերիկահայ հեղինակաւոր գործիչը երէկ կարեւոր այցելութիւն մը տուաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Վեհափառ Հայրապետն ու Նուպար Աֆէեան անդրադարձան Արցախի պատանդ առնուած ղեկավարներու ազատ արձակման:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ փոխ-ատենապետ Հերման Փորթագալեանի։ Ներկայ էր նաեւ թաղի հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։
Յայտնի նկարիչ Գրիգոր Սահակօղլու ներկայիս կը մասնակցի հաւաքական ցուցահանդէսի մը, որու բացումը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան՝ Պէյօղլուի «Yapı Kredi» գեղարուեստի եւ մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ «Ներկան նկարագրել» անուանեալ այս ծրագրին ան մասնակցութիւն կը բերէ երեք ստեղծագործութիւնով։
Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ յատկանշական օր մը ապրեցաւ հիւրընկալելով Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցէն խումբ մը։ Տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանի կողմէ գլխաւորուած էր «Հրանդ Տինք» դպրոցի խումբը, որուն բացի աշակերտներէն մաս կազմեցին նաեւ՝ ուսուցչուհիներ Գայիանէ Ռեւազեան, Անահիտ Կարապետեան եւ Լիլիթ Պօղոսեան։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Բարեկամութեան կենսական տարրերն են սէրը, համագործակցութիւնը, հասկացողութիւնն ու վստահութիւնը։ Հետեւաբար, բարեկամութեան թէ՛ ընկերային եւ թէ՛ անհատական իմաստները շատ մօտ են իրարու։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կեանքը պայքա՛ր է», կ՚ըսուի, իրա՛ւ է, բայց մարդիկ ասիկա սխալ կը հասկնան, կը չափազանցեն խօսքին մեկնաբանութիւնը եւ կը սկսին պայքարիլ իրարու հետ եւ կը կռուին։ Կռիւը մարդկութեան սովորական ապրելակերպը եւ ընթացքը դարձած է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կ՚ուզեմ ամենայն գարշանքով ու նողկանքով ԹՔԵԼ Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց երեսին՝ որոնք «մարդու իրաւունքներ» պաշտպանել կեղծել կը փորձեն ու այդ արդարութիւնը միայն իրենց գրպանները մուտք գործած գումարի քանակով կը չափեն. թքել բոլո՛ր անոնց վրայ, որոնք «Արդարութեան» անուան տակ իրենց անարդարութիւններուն համար կը վարձատրուին: