ՀԻՆ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ՄԷԿՏԵՂՈՒԵՑԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՍՈՒՐԲ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս վերջերս համախմբուեցան հին արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հոգեւոր առաջնորդները։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպիսկոպոս Պարսամեանի հիւրընկալմամբ անոնք համախմբուեցան Նիւ Եորքի առաջնորդարանի համալիրէն ներս։ Բարձրաստիճան հոգեւորականները նախ աղօթք մը կատարեցին Սուրբ Վարդան առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ, աւելի վերջ ալ հիւրասիրուեցան առաջնորդարանի դահլիճին մէջ։

Ըստ Նիւ Եորքի առաջնորդարանի աղբիւրներուն, Տ. Մեսրոպ Եպիսկոպոս Պարսամեանի հիւրընկալած բարձրաստիճան հոգեւորականները կարծիքի փոխանակումներ ունեցան՝ հին արեւելեան ուղղափառ դաւանակից ու քոյր եկեղեցիներուն միջեւ Սուրբ Հաղորդութեան միասնականութեան, համատեղ կրթական ծրագրերու եւ երիտասարդ միաբաններու պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ համապատարագելու հեռանկարներուն շուրջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2023