Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 26, 2023

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Չհասութեան գաղափարը հին եւ նոր ազգերուն մէջ: Մուհամմէտն ու Մովսէսը: Արեւմտեան եւ Արեւելեան եկեղեցական ժողովներուն որոշումները ազգակցական ամուսնութեան վերաբերմամբ: Հայոց Եկեղեցւոյ սահմանած կանոնները:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 26, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ընչասիրութիւնը, այսինքն լայն առումով նիւթապաշտութիւնը՝ արծաթասիրութիւնը կամ ագահութիւնը վատ եւ շատ վնասակա՛ր մոլութիւն մըն է՝ մշտապէս անարգուած։ Շատեր արծաթասիրութիւնը «ճարպիկութիւն» կը համարեն՝ մարմնական եւ աշխարհային նկատումներով։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 26, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ֆրանսացի արուեստագէտները սքանչանալով հայ արուեստագէտի աշխատութեան, զարմանքով հարց կու տան, թէ ան արուեստի ո՞ր դպրոցը աւարտած է. հայ արուեստագէտը կը պատասխանէ. «Իմ դպրոցը մինչեւ այսօր եղած է Շուշիի փողոցներու ցեխը. բացի անոնցմէ ուրիշ դպրոց չեմ տեսած»:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 26, 2023

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Թուրքիոյ նախագահին յայտարարութիւնը, թէ ռուս խաղաղապահները, ըստ համաձայնութեան, պէտք է Լեռնային Ղարաբաղ մնան մինչեւ 2025 թուականը, տարածաշրջանին մէջ նոր իրավիճակի մը ձեւաւորման նախադրեալները կը փոխանցէ: Ճիշդ է, որ համաձայնութիւնը հինգ տարուան համար է:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 26, 2023

Արցախի պաշարման պայմաններուն ներքեւ հայկական հանրային կարծիքին կողմէ դրսեւորուած զգայնութիւնը հետզհետէ նոր դրսեւորումներ կ՚ունենայ։ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը մարդասիրական իսկական աղէտի մը դէմ յանդիման մնացած է եւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ հանրային կարծիքը աստիճանաբար կը թօթափէ անտարբերութիւնը եւ կը կեդրոնանայ լուծման հեռանկարներու վրայ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 26, 2023

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ճակատագիրը չի կրնար որոշուիլ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ։
Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Սա իր հերթական մամլոյ ասուլիսն էր, որ տեւեց բաւական երկար։ 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 26, 2023

Սերկէյ Լաւրովի միջնորդութեամբ Արարատ Միրզոյեան-Ճէյհուն Պայրամով բանակցութիւններ՝ Մոսկուայի մէջ:
Այս տարի կը ծրագրուի նոր գագաթաժողով մը Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն մակարդակով:

Երեքշաբթի, Յուլիս 25, 2023

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Նախագահ Մաքրոն Մարսէյլի մէջ (…), տեղւոյն ընտրաշրջանի երեսփոխանուհի Սապրինա Ակրեսթի-Ռուպաշի ներկայութեամբ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին իբր թէ յայտարարած է. «Ես Ալիեւին վրայ աւելի ճնշում բանեցուցած եմ եւ կը բանեցնեմ՝ քան նոյնինքն Փաշինեանը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 25, 2023

Պաշարեալ Արցախի մէջ դանակը ոսկորին հասնելու վրայ է. հանրային փոխադրամիջոցները ամբողջութեամբ կանգ կ՚առնեն, Ատրպէյճան յաւելեալ բժշկական քննութիւն կ՚իրականացնէ՝ Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ Հայաստան տեղափոխուող հիւանդներուն համար: Երեւանի կեդրոնին կան անհանգստութեան նշաններ:
Թեհրանի երէկուան շփումներէն վերջ, Արարատ Միրզոյեան այսօր Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններ կը վարէ Սերկէյ Լաւրովի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ: Վահագն Խաչատուրեան Անթոնիօ Կութերեսի հետ խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի առկայ տագնապին շուրջ:

Երեքշաբթի, Յուլիս 25, 2023

Երկրագունդի վրայ բնութիւնն ու մարդկային կեանքը հետզհետէ կը տարանջատուին։ Առօրեայի մէջ մարդ հեռու, շա՜տ հեռու մնացած է բնութենէն՝ մանաւանդ մեծ քաղաքներու պայմաններով։ Նոյնիսկ այգիներու կամ ճեմապարտէզներու պարագային մարդոց աչքին բնութիւն երեւցածը շատ անգամ արհեստական խոտածածկոյթէ մը անդին չ՚երթար։

Երեքշաբթի, Յուլիս 25, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սուրիոյ հայութեան երկար տարիներէ ի վեր դիմագրաւած կացութիւնը մօտէն ծանօթ է հայաշխարհին։ Ամբողջ երկրին մէջ հայերը ողբերգութեան մը կուրծք տուած են՝ ինչպէս Մերձաւոր Արեւելքի այլ երկիրներու պարագային։

Երեքշաբթի, Յուլիս 25, 2023

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Սուրիահայերը առաջիններէն էին, որոնք զարգացուցին մարմնամարզը Սուրիոյ մէջ իր զանազան ճիւղերով, մանաւանդ այդ մէկը դրսեւորուեցաւ եւ գագաթնակէտին հասաւ ֆութպոլի մէջ:

Երեքշաբթի, Յուլիս 25, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Առակաց 17.3-ին մէջ կը կարդանք. «Արծաթի համար՝ հալոց եւ ոսկիի համար քուրայ կայ, բայց սրտերը փորձողը Տէրն է»: Իսկ Յակոբոս առաքեալի Ընդհանրական նամակին մէջ կը կարդանք. «Երանի՜ այն մարդուն որ կը տոկայ փորձութեան, որովհետեւ փորձութենէն յաղթական դուրս եկողը որպէս մրցանակ պիտի ստանայ այն կեանքը, որ Տէրը խոստացաւ տալ զԻնք սիրողներուն:

Երեքշաբթի, Յուլիս 25, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեանի օրհնութեամբ Երեւանի Զօրաւոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին լոյս ընծայած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ 130-րդ Կաթողիկոս, հայագէտ եւ Հայաստանի ազգային հերոս Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի «Խրիմեան Հայրիկը որպէս դաստիարակ» գիրքը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 25, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Dura lex, sed lex». խիստ է օրէնքը, բայց օրէ՛նք է։
«Երկիւղով աշխատեցէ՛ք իրագործելու ձեր փրկութիւնը, որովհետեւ Աստուա՛ծ է, որ ձեր մէջ կը գործէ թէ՛ ուզելը եւ թէ՛ գործելը՝ ի սպաս Իր բարեհաճ ծրագիրներուն». (ՓԻԼ. Բ 12-13)։

Երեքշաբթի, Յուլիս 25, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Զբօսաշրջիկներու հոսքը դէպի Հայաստան որպէս լա՞ւ թէ վա՞տ պէտք է ընդունիլ՝ չեմ գիտեր. յաճախ կ՚ունենանք այն մտածումը, որ երկիր մը եթէ ունի բազմաթիւ այցելուներ՝ կը նշանակէ աճի ու յառաջընթացի մէջ է, սակայն վերջերս հակառակն է որ կը նկատեմ. աւելին, սկսած եմ համոզուիլ, որ այն երկիրը որ ունի այցելուներու հոսք՝ ունի դժբախտ ու թշուառ ժողովուրդ մը, որ իր երկրին բարիքները կրնայ տալ ուրիշին՝ սակայն ոչ իր սեփական ժողովուրդին:

Երկուշաբթի, Յուլիս 24, 2023

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Կը շարունակենք մեր խորհրդրածութիւնները՝ Ալպէռ Քամիւի չարութեան սահմանման մասին։
Այն սահմանումը, որ Քամիւ կ՚օգտագործէ չարութիւնը նկարագրելու համար, կը նպաստէ յստակեցնել խնդիրը, որովհետեւ անոր սահմանումը խիստ կը սահմանափակէ չարութիւնը

Երկուշաբթի, Յուլիս 24, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Գարեգին Ա. Տրապիզոնցի Խաչատուրեան Պատրիարքի (1951-1961) խօսքը քանդակուած կը մնայ մեր մտքին մէջ. «Ժպիտը մաքուր սրտի եւ խաղաղ խղճի մը արտայայտութիւնն է»։

Երկուշաբթի, Յուլիս 24, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կը ճանչնա՞ք հայ մը՝ որուն անունով Ֆրանսայի մէջ ամբողջ թանգարան մը գոյութիւն ունենայ. կը ճանչնա՞ք հայ մը, որ ֆրանսական պետութեան կողմէ արժանացած ըլլայ Պատուոյ Լէգէոնի ասպետ կոչումին. կը ճանչնա՞ք հայ մը, որ 1903 թուականին Վենետիկի մէջ արժանացած ըլլայ Ոսկէ Մեծ Մրցականի եւ շքանշանի: Եթէ պատասխանը ոչ է՝ ապա պէտք է ճանչնաք զինք:

Երկուշաբթի, Յուլիս 24, 2023

Երէկ երեկոյեան ժամերուն Ռուսաստանի Ռոստովի մարզին մէջ տեղի ունեցաւ երթեւեկի արկած մը։ Այսպէս, ինքնաշարժ մը ճանապարհի երթեւեկելի հատուածէն դուրս գալով բախուեցաւ ծառի մը։

Էջեր