Արխիւ
Երեւան-Պրիւքսէլ առանցքը կը շարունակէ մնալ բանուկ։ Երէկ, Եւրոմիութեան Հարաւային Կովկասի գծով յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնօ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։
Անգարայի եւ Պրիւքսէլի միջեւ յարաբերութիւններու ձիւնահալը կը ցոլանայ նաեւ տնտեսութեան բնագաւառին վրայ։ Երէկ, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն Բարձր մակարդակի տնտեսական երկխօսութեան ժողովը։
Հայաստան եւ Ռուսաստան կը յաջողին պահպանել իրենց քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը:
Որպէս դաշնակից ու ռազմավարական գործընկեր՝ Երեւան եւ Մոսկուա օրակարգի բոլոր հարցերը կը քննարկեն անկեղծ ու բաց:
Երէկ, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ այս առթիւ կարեւոր երաշխիքներ տուաւ դաշնակիցներուն։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Դանիական-հայկական բարեգործական առաքելութիւն» հասարակական կազմակերպութեան ատենապետ Հ. Մայքըլ Թոմսէնն ու հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամները, որոնց ընկերացաւ նոյն կառոյցի գործադիր տնօրէն Արշաւիր Գաբուճեանը։
Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր Երեւանի պաշտօնական շփումները աւարտելէ վերջ ուղեւորուեցաւ դէպի Պաքու:
Իլհամ Ալիեւ գործնական քայլ առնելէ ձեռնպահ կը մնայ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման հարցին շուրջ:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ Փարիզի մէջ ընդունուեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրոյի կողմէ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարները անդրադարձան երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին։
Երկրագունդը մարդ արարծին տունն է։ Մարդ, տեսականօրէն, թէեւ անծայրածիր աշխարհի մը կը պատկանի, սակայն, յարաբերաբար շատ նեղ շրջանակի մը մէջ կ՚ապրի։ Սահմանները այնքան են՝ որքանին կրնայ հասնիլ. հասնիլ իր հնարաւորութիւններով, մտահորիզոնով, կարելիութիւններով ու կարողութիւններով։
Երէկ, Համաշխարհային օթիզմի օրուան առթիւ, Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ յատկանշական հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց նորաստեղծ «Յոյս» խմբակը, որու գործունէութիւնը հետամուտ է մեր համայնքի յատուկ խնամքի կարօտ անդամներու եւ անոնց ընտանիքներու կարիքներու դիմագրաւման։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեղքի մասին տարբեր ընկալումներ եւ հասկացողութիւններ կան: Կան յստակ բացատրութիւններ մեղքի ինչութեան մասին, կան այլ բացատրութիւններ, որոնք քօղարկուած կերպով կը փորձեն թեթեւցնել մեղքի ծանրութիւնը եւ դաժանութիւնը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պոլսահայ գրող Մատթէոս Զարիֆեանի (1894-1924թթ.) նամակները անոր քերթուածներուն, օրագրութեան ու արձակ էջերուն հետ ամբողջութիւն կը կազմեն եւ նոյնպէս կը բացայայտեն բանաստեղծի նուրբ եւ անկեղծ էութիւնը։
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք մտածումներու փունջ մը, սուրիացի գրագիտուհի, բանաստեղծ եւ հեքիաթագիր՝ Քոլէթ Խուրիէն, որ ծնած է 1931-ին:
- Բոլորս ալ մարդիկ ենք. մեր մէջի զօրաւորները անոնք են, որոնք կ՚արժեւորեն այն բանը՝ որ ունին, անոնք են՝ որոնք կը ճաշակեն երջանկութիւնը՝ ապրելով զայն, ո՛չ թէ անոնք են, որոնք առիթը կորսնցնելէ ետք, անցնելէ ետք կը զղջան
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ կը կարդանք «մարդ» եւ «դրամ» բառերը՝ մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ շատ հետաքրքրական երեւոյթ մը. «մարդ» բառը երբ շրջենք եւ հակառակ կողմէն կարդացուի՝ «դրամ» բառը կ՚երեւի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կարօ Փօլատեան լաւ ձեւով կը կատարէ ախտաճանաչումը. կը խօսի ազգային ինքնութեան կորուստի հաւանական ապագայի մը մասին, կը քննադատէ յեղյեղուկ անձնաւորութիւնները՝ որոնք պատրաստ են կամաւորաբար իրենց ինքնութիւնը ծախել, սակայն, անոր աշխատութեան մէջ կը կարեւորենք հետեւեալ տողը. «Ի՞նչ ընել, ինչ լուծում գտնել».
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մի քանի օրեր առաջ Երեւանի մէջ խումբ մը գրասէրներով հաւաքուած, գրական երեկոյով մը կը փորձէինք վերլուծել ու հասկնալ սփիւռքահայ գրող Կարօ Փօլատեանը, որուն վէպերուն մէջ կարելի է գտնել ազգով մտահոգ մտաւորականը. գրող՝ որ կը փորձէ ներկայացնել իր օրերու ֆրանսահայ գաղութը, իր հայ երիտասարդներով եւ անոնց մտահոգութիւններով, յոյզերով եւ ինքնութեան բախումներով:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Մեծ պահոց Դատաւորի կիրակիի արարողութիւններուն նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերջին օրերուն ունեցան հեռախօսազրոյց մը։
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Եի պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Մոսկուա, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր յայտարարեց, որ Հայաստան կը կրէ հազարամեայ արեւելեան եւ քրիստոնէական մշակոյթի մը կնիքը։
Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր վերջին օրերուն բազմակողմանի շփումներ ունեցաւ Հայաստանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Տպաւորութիւնը շատ բան կը պայմանաւորէ. ուրախութիւն, հիացում, տխրութիւն, ընդվզում… Տպաւորութիւնը մարդու երեւակայութեան ծալքերուն մէջ կրնայ նոր թռիչքներու ծնունդ տալ, կրնայ նոր ստեղծագործութիւններու դուռ բանալ։