ՎԱՆ ԵԻԻ ՄՈՍԿՈՒԱՅ ԱՅՑԸ

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Եի պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Մոսկուա, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Բացի Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ բանակցութիւններ վարելէ, Վան Եի ընդունուեցաւ նաեւ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մոսկուա-Փեքին առանցքին վրայ օրակարգի վրայ եկան համապարփակ գործընկերութեան եւ ռազմավարական համագործակցութեան օրակարգին վերաբերեալ հարցեր։ Այս ամբողջին մէջ առանձին ուշադրութեան առարկայ դարձուեցան Ուքրայնայի հակամարտութեան վերաբերեալ իրադարձութիւնները։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2025