ՓԵԶԵՇՔԻԱՆ-ԱԼԻԵՒ ԶՐՈՅՑ

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերջին օրերուն ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Փեզեշքիան անդրադարձաւ՝ մօտաւոր անցեալին նախատեսուած դէպի Պաքու իր այցելութեան, որու նպատակն է ամրապնդել երկկողմանի կապերը։

Իր կարգին, Ալիեւ դիտել տուաւ, որ Պաքու անհամբերութեամբ կը սպասէ Փեզեշքիանի այցելութիւնը։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճան կը ձգտի ամրապնդել բարիդրացիական կապերն ու ընդլայնել համագործակցութիւնը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2025