ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ

Տպաւորութիւնը շատ բան կը պայմանաւորէ. ուրախութիւն, հիացում, տխրութիւն, ընդվզում… Տպաւորութիւնը մարդու երեւակայութեան ծալքերուն մէջ կրնայ նոր թռիչքներու ծնունդ տալ, կրնայ նոր ստեղծագործութիւններու դուռ բանալ։ Տպաւորութիւնը կրնայ նորովի ընկալումներ ապահովել, կենցաղի նախընտրութիւններ սահմանել։ Ու տակաւին տպաւորութիւնը կրնայ հրահրել զգացումներու հոսանքներ կամ մտքերու տարափ…

Այս բոլորը կը վերաբերին մարդու ունեցած տպաւորութեան իր իսկ վրայ գործած ազդեցութեան։ Անդին կան նաեւ տպաւորութիւններու՝ սեփական անձէն դուրս ներգործութիւնները։ Յամենայնդէպս, ժողովրդական իմաստութեան բանաձեւումները յաճախ կ՚ըլլան դիպուկ.

«Ինքզինքիդ արժէքը մի չափեր՝ քու նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերմունքով»։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2025