«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ԿՐԷ ՀԱԶԱՐԱՄԵԱՅ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵՒ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԿՆԻՔԸ»

Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր յայտարարեց, որ Հայաստան կը կրէ հազարամեայ արեւելեան եւ քրիստոնէական մշակոյթի մը կնիքը։

Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր վերջին օրերուն բազմակողմանի շփումներ ունեցաւ Հայաստանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Երեւանի ղեկավարութիւնը գերմանացի նախագահին համար բազմակողմանի ծրագիր մը պատրաստած էր։ Երեւանի եւ Պերլինի միջեւ ելմտական համագործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ այս առթիւ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրը։ Պաշտօնական դիմաւորման արարողութենէն վերջ երկու նախագահները ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Անոնք սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Շթայնմայէր եւ կողակիցը հիւրընկալուեցան նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ կողակցին Աննա Յակոբեանի կողմէ։ Հիւր ղեկավարը Երեւանի մէջ յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, ինչպէս նաեւ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնը, «Կոմիտաս»ի թանգարան-կաճառը։ Շթայնմայէր Լճափի ջրաօդերեւութաբանական չափիչ կայանի բացման արարողութեան ալ մասնակցեցաւ։ Ի լրումն այս բոլորին, նախագահ Շթայնմայէր այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հիւրընկալուեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ։ Սուրբ Էջմիածնի վերանորոգեալ Մայր Տաճարին մէջ Վեհափառ Հայրապետը եւ Գերմանիոյ նախագահը ունեցան ջերմ զրոյց մը։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ վերականգնուող ուժանիւթի ոլորտէ ներս համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերեալ հարցեր։

Շթայնմայէր Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ Գերմանիա հետաքրքրուած է Հարաւային Կովկասի կայունութեամբ։ Իր խօսքով՝ Հայաստան շինիչ է Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու հարցին մէջ։ Ան դիտել տուաւ, որ Գերմանիան եւ ամբողջ Եւրոպան հետաքրքրուած են՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծի իրագործմամբ։ Ի լրումն այս բոլորին, Շթայնմայէր համարձակ քայլ մը նկատեց՝ Հայաստանի կողմէ Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթաց սկսելու որոշումը։

Իր կարգին, Խաչատուրեան շեշտեց, որ Հայաստան կը հասկնայ, թէ դէպի Եւրոմիութիւն ճանապարհը երկար է։ Իր խօսքով՝ հայկական կողմը բարձր կը գնահատէ Գերմանիոյ աջակցութիւնը զանազան ոլորտներու կայուն զարգացման խթանելու առումով։ Ան յիշեցուց, որ Երեւան հետեւողական է Պաքուի հետ ենթադրեալ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրելու ուղղութեամբ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2025