Արխիւ

Երկուշաբթի, Մայիս 13, 2024

Թուրքիա-Յունաստան յարաբերութիւններուն տեսակէտէ այսօր տեղի կ՚ունենայ կարեւոր իրադարձութիւն մը, վերջին շրջանին ստեղծուած դրական կլիմայի պարունակին մէջ։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կը հիւրընկալէ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Անգարա։

Երկուշաբթի, Մայիս 13, 2024

Շաբաթավերջին Ալմաթիի մէջ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ բանակցութիւնները աւարտելէ վերջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս առաւօտ Երեւանի մէջ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Մալթայի արտաքին գործոց նախարար Իըն Պորկը։

Շաբաթ, Մայիս 11, 2024

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այս տարի, ամբողջ Ամերիկայի տարածքին, «Մայրերու օր» տօնը կը զուգադիպի կիրակի, մայիս 12-ին:
Պարզապէս յիշեցնելու միտումով, ըսեմ որ այս տօնը մեծ անցեալ մը չունի: Ան սկիզբ առած է Միացեալ Նահանգներու մէջ 1908-ին, եւ ապա տարածուած ամբողջ քաղաքակիրթ երկիրներէն ներս:

Շաբաթ, Մայիս 11, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մինչ այժմ Լիբանանի քաղաքցիներ (մանաւանդ երկրի հարաւային հատուածներու բնակիչներ) աղաչական հայեացքով կը նային սահմանային շրջաններու իրենց բնակարաններուն։ Ու փաստ է, որ Կազզէի պատերազմի սաստկացումէն ասդին Լիբանան-Իսրայէլ սահմանի ամբողջ գօտին կ՚ապրի մեծ ցնցումներու տարափին ներքեւ։

Շաբաթ, Մայիս 11, 2024

Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մինաս Մեծատուր եւ գործակից ընկերները երէկ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց այցելեցին՝ Մայրերու օրուան ընդառաջ։ Անոնք իրենց յարգանքին ու գուրգուրանքին առարկայ դարձուցին մեր համայնքի երէց սերունդի իգական սեռի այն ներկայացուցիչները, որոնք մշտական բնակութիւն հաստատած են հիւանդանոցի ծերանոցէն ներս։

Շաբաթ, Մայիս 11, 2024

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Կը շարունակենք ներկայացնել Մուշեղ Եպիսկոպոս Սերոբեանի արգասիքէն հատուածներ:
1901-ին դեռ եւս Վարդապետ, Պոլսոյ մէջ հրատարակած է «Պատկերները» գիրքը, ու զայն ձօնած է՝ իր վաղամեռիկ մօր: 

Շաբաթ, Մայիս 11, 2024

Հայ արդի բանաստեղծութեան տիտաններէն Զահրատ երէկ երեկոյեան գրական-գեղարուեստական ձեռնարկով մը ոգեկոչուեցաւ Էսաեան սանուց միութեան մէջ՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։

Շաբաթ, Մայիս 11, 2024

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Մարտէն մայիս տարբեր օրերու Մայրերու օրը կը տօնուի աշխարհի չորս ծագերուն։
Տղուս ծնունդէն ասդին ինծի համար ամէն օր Մայրերու օր է… Այսօր ժպտաց… Այսօր տարբեր ձայն մը հանեց… Մամա ըսաւ… Առաջին քայլը նետեց… Եւ ինչու չէ, չարութիւն ըրաւ… Անհնազանդ գտնուեցաւ… Այո՛, ամէն օր Մայրերու օր է եւ ես ամէն օր վայելած եմ այդ փառք տալով Աստուծոյ։ Ծնունդէն ետք առաջին աղօթքս իրեն համար եղած է… Եւ դեռ այդպէս է…

Շաբաթ, Մայիս 11, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ստորեւ հատուածներ կը ներկայացնենք Եզնիկի «Եղծ Աղանդոց»էն։
Պղատոն, որ հիւլէն եւ իդոսը աստուած կը սեպէ էութեամբ, ցոյց կու տայ, թէ Աստուած կերպարանքի եւ ո՛չ թէ բնութեան արարիչ է։

Շաբաթ, Մայիս 11, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայրիկ ընդհանուր ձեւով խօսելով այր եւ կնոջ, զաւակներուն եւ տաներէց քահանային պարտաւորութիւններուն մասին, այժմ կու գայ աւելի մանրամասն խօսելու իւրաքանչիւրին իրաւունքներուն ու սահմաններուն մասին եւ հետեւաբար իր 17-րդ գլուխը կը կոչէ «Ընտանեկան պատկառանք եւ ազատութիւն». Հայրիկ պատկառանքն ու ազատութիւնը մարդուն տրուած «օժիտներ» կը նկատէ:

Շաբաթ, Մայիս 11, 2024

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Արդէն բազմիցս առիթ ունեցած եմ գրելու, որ Հայաստանը ժողովրդավարական երկիր չէ, որովհետեւ մեր պետութեան մէջ չկայ իշխանութիւններու թեւերու բաժանում, ամէն ինչ կեդրոնացած է մէկ մարդու ձեռքին մէջ:

Շաբաթ, Մայիս 11, 2024

Մինչ Միրզոյեան եւ Պայրամով քննարկումներ կը ծաւալեն՝ Երեւանի մէջ կ՚ընթանան քաղաքացիական անհնազանդութիւնները:
Ալմաթիի մէջ այսօր կը շարունակուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն՝ երէկ սկիզբ առած բանակցութիւնները:

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2024

Պէզճեան Մայր վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտուհիներէն Մելանի Քուշ ուշագրաւ յաջողութիւն մը արձանագրեց՝ Թուրքիոյ մտախաղերու Դ. շարքի եզրափակիչ փուլին։

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2024

Մատակարար մարմինը այսօր կը տեսակցի ծնողաց միութեան ներկայացուցիչներուն հետ:

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2024

Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հայրը փորձած է իրաւաբանական օժանդակութիւն ապահովել Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին համար:

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2024

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս անցեալ շաբաթավերջին գումարուեցաւ տարեկան պատգամաւորական ժողովը՝ նախագահութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։ 97-րդ պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ Արիզոնայի Ս. Աբգար եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2024

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը, որու ընթացքին յիշատակուեցաւ նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Աթոռի 1441 թուականին Սիս քաղաքէն վերջնականօրէն Սուրբ Էջմիածին փոխադրումը։

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2024

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Ապու Տապիի մէջ տեսակցեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտուլլահ պին Զաիտ ալ Նահիանի հետ։ Ան պաշտօնական այցելութիւն մը կու տար այդ երկիրը։

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2024

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով այսօր ժամադրուած են Ալմաթիի մէջ։

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2024

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ միշտ տօնախմբութեան համազօր են Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան տարեդարձները։ Համբարձման երէկուան արարողութիւնները եկան բնորոշել հաստատութեան հիմնադրութեան 192-րդ տարեդարձը։

Էջեր