Արխիւ

Ուրբաթ, Յունիս 1, 2018

Երէկ, Հիւսիսային Իրաքի մէջ երեք թուրք զինուոր նահատակուեցաւ։ Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան դէմ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւններուն ընթացքին ծագեցան բախումներ, որոնց հետեւանքով նահատակուեցան Իւնալ Տեմիր (24), Սէյֆետտին Աքպաշ (28) եւ Սերճան Քոչ (23)։

Ուրբաթ, Յունիս 1, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան Արեւելեան Եւրոպայի  եւ Կովկասի երկիրներու հարցերով համակարգող տնօրէն Ֆրանսիս Մալիժի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։

Ուրբաթ, Յունիս 1, 2018

Հայաստանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարները հանդիպում մը ունեցան Թիֆլիզի մէջ:
Զօհրապ Մնացականեան եւ Միխէիլ Ճանելիծէ անդրադարձան համագործակցութեան խորացման հեռանկարներուն:

Ուրբաթ, Յունիս 1, 2018

​Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան վերջին օրերուն մասնակցեցաւ կառավարական պատուիրակութեան դէպի Թիֆլիզ պաշտօնական այցելութեան։

Ուրբաթ, Յունիս 1, 2018

Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ՝ չորս ամսուան յետաձգումէ մը վերջ երէկ սկսան առանցքային նիւթերով հեռանկարային քննարկումներ:
Թրքահպատակներու մուտքի արտօնութիւններէ զերծ դառնալու ուղղեալ աշխատանքները հետզհետէ կը մօտենան իրենց աւարտին՝ մասնաւոր կէտերու արծարծումով:

Ուրբաթ, Յունիս 1, 2018

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Ոմանք» երաժշտական խումբը յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Հայաստան։ Շուրջ մէկ շաբթուան ուղեւորութեան տեւողութեան «Ոմանք» հանդէս պիտի գայ հինգ համերգով։

Ուրբաթ, Յունիս 1, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը վերջերս իրերայաջորդ ձեւով ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ կը դնէ՝ բարձր պատմական արժէքով գիրքեր։ Այսպէս, վերջին օրերուն լոյս տեսաւ «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Առաջին աշխարհամարտի եւ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան տարիներուն (1914-1920)» խորագրեալ նիւթերու ժողովածոն։

Ուրբաթ, Յունիս 1, 2018

ԳՀԽ-ի անդամները երէկ այցելութիւն մը տուին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:
Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ աղօթք՝ հայ ժողովուրդի բարօր կեանքի համար:

Ուրբաթ, Յունիս 1, 2018

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ուրախ համերգներով ողողուած է հայրենիքը: Ամէն տեղ ժպիտ, խինդ ու խանդավառութիւն կը վխտայ: Ուրախութիւնը արգելքներ չի ճանչնար, նոյնիսկ երբ երկինքէն տեղատարափ անձրեւ կը տեղայ, բացօթեայ համերգները կը շարունակեն իրենց ելոյթները, իսկ ժողովուրդը, բազմութիւնը, հանդիսատեսը անձրեւուն կաթիլներով կը զովացնէ ինքզինք:

Ուրբաթ, Յունիս 1, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին տար-ւայ մէջ երեք անգամ կը նշէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի յիշատակը. «Մուտն ի Վիրապ», «Ելն ի Վիրապէն», եւ «Նշխարաց գիւտը»։ 301 թուականին հայ ժողովուրդը ընդունեց քրիստոնէութիւնը որպէս «պետական կրօն» եւ այդ սրբանուէր գործին մէջ առաջնակարգ դեր կատարեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Տրդատ Գ. թագաւոր։

Հինգշաբթի, Մայիս 31, 2018

​Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ հիւրընկալեց ամերիկահայ ֆոթոմոտել Քիմ Քարտաշեանը։ Սպիտակ տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին ԱՄՆ-ի նախագահն ու ամերիկահայ աշխարհահռչակ աստղը քննարկեցին բանտերու համակարգի բարեփոխումներու վերաբերեալ հարցեր։

Հինգշաբթի, Մայիս 31, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան. «Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին եւ հաւատքը պետականութեան սիւներէն են»:
Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ՝ ԳՀԽ-ի անդամները, ներքին թեմերու առաջնորդներն ու Մայր Աթոռի մէջ պաշտօնավարող սրբազանները երկրի ղեկավարը հիւրընկալեցին որպէս պատուոյ հիւր:

Հինգշաբթի, Մայիս 31, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Խօսիլը բնական է մարդուս համար, բնական է, քանի որ ան «բանաւոր էակ» մըն է։ Խօսիլը պահանջք մըն է նաեւ մարդուն համար, քանի որ ան «ընկերային էակ» մըն է, եւ պարտաւոր է յարաբերուիլ եւ հաղորդակցիլ իր նմաններուն հետ, որուն էական միջոցն է լեզուն, այսինքն խօսիլը։

Հինգշաբթի, Մայիս 31, 2018

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մարդկային ընկերական կեանքէն ներս բազմաթիւ են փոխյարաբերութիւնները զանազան ոլորտներու, մակարդակներու եւ շրջանակներու մէջ: Սակայն, ամենէն կարեւոր եւ էական փոխյարաբերութիւնը՝ Աստուած-մարդ փոխյարաբերութենէն ետք, ըստ իս, ծնող-զաւակ փոխյարաբերութիւնն է, որու վրայ կ՚աճին ու կը զարգանան բոլոր միւս փոխյարաբերութիւնները:

Հինգշաբթի, Մայիս 31, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

31 Մայիս 2019 թուականին կը լրանայ 150-ամեակը աշխարհահռչակ հայ գեղանկարիչ Վարդան Մախոխեանին, որ Յովհաննէս Այվազովսկիէն ետք կը նկատուի երկրորդ հայ նշանաւոր ծովանկարիչը, որուն նկարած ծովանկարները սփռուած են աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ, իսկ արուեստագէտի անոր համբաւը հասած է Թուրքիայէն մինչեւ Եւրոպա, ուր տեւական ստեղծագործած է Մախոխեան եւ նկատուած իր ժամանակի ամենէն շատ ցուցադրուած նկարիչներէն:

Հինգշաբթի, Մայիս 31, 2018

Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի վերջին դասարանի աշակերտները վերջերս այցելեցին Իյնէատա։

Հինգշաբթի, Մայիս 31, 2018

​Մխիթարեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ իֆթար մը։ Այսպէս, ընթրիքի հրաւիրուած էին Ազգային կրթութեան նախարարութենէն պաշտօնատարներ եւ շարք մը բարձրաստիճան դիւանակալներ։

Հինգշաբթի, Մայիս 31, 2018

​Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան վարչութիւնը վերջին շրջանին կը կազմակերպէ թաղեցի կանանց ուղղեալ զանազան ձեռնարկներ։ Վերջին տարիներուն այս ամբողջին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւէ թաղեցի տիկիններուն համար նախատեսուած հայախօսութեան ծրագիրը, որ յառաջ կը տարուի բազմավաստակ ուսուցչուհի Եւգինէ Ինճիտիւզէնի կողմէ։

Հինգշաբթի, Մայիս 31, 2018

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի շատ սիրուած ու յարգուած անդամներէն մին՝ Ղազարոս Ունան, որ հիմնադիրն էր «Տիւք» փողկապներու արտադրութեան ընկերութեան։ Ղազարոս Ունան բառին բուն իմաստով խորհրդանշական անուն մըն էր մեր համայնքային կեանքէն ներս։

Հինգշաբթի, Մայիս 31, 2018

Յունիսի 2-4 թուականներուն միջեւ «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ Fashion Forum Yerevan 2018-ը՝ նորաձեւութեան ոլորտը զարգացնելու եւ յառաջ տանելու առաքելութեամբ: Համաժողովը կը կազմակերպէ «Ազդեցութեան գործարար ակումբ» հասարակական կազմակերպութիւնը՝ «Նորաձեւութեան եւ ձեւաւորումի պալատ» կազմակերպութեան հետ համատեղ:

Էջեր