Արխիւ
Անգլիայէն գործարար պատուիրակութիւն մը այսօր կ՚այցելէ Հայաստան, ուր երկօրեայ շփումներ կ՚ունենայ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Անգլիոյ վարչապետի՝ Հայաստանէ եւ Վրաստանէ ներս առեւտուրի ու ներդրումներու հարցերով յանձնակատար ու երեսփոխան Մարք Փրիտչարտի կողմէ կը գլխաւորուի այս պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ կը գտնըուին տասն անգլիական գործարար ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ։
Երեւանի Պետական համալսարանի լրագրութեան ֆաքիւլթէէն ներս ասուլիս:
Աննա Յակոբեան անդրադարձաւ լրատուամիջոցներու եւ ընկերային ցանցերու ազդեցութիւններուն:
Երէկ, Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան այս առթիւ տեղեկացուց, որ նախարարութիւնը որոշած է յետաձգել «Արի տուն», «Իմ Հայաստան» եւ «Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագրերը։
Սփիւռքահայ զանազան վարժարաններու սաներ ամառնամուտի ներկայ շրջանին Հայաստան կ՚այցելեն:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան հիւրընկալեց ՀԲԸՄ-ի Գալիֆորնիոյ «Տեմիրճեան-Մանուկեան» դպրոցի աշակերտները:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի միջեւ նախընթաց օր Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, նախարար Չավուշօղլու մանրամասնութիւններ հաղորդեց Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ՝ Մենպիչի շուրջ գոյացած համաձայնութեան կապակցութեամբ
Զօհրապ Մնացականեան եւ Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ կը քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը, միջնորդներու Երեւան այցին ընդառաջ:
«Մենք ներկայիս կը գտնուինք այն փուլին մէջ, ուր կը ձեւաւորենք հիմքերը՝ շարունակելու համար բանակցային գործընթացը», կ՚ըսէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:
Եւրոպայի եկեղեցիներու խորհուրդի (ԵԵԽ) գագաթաժողովը, որ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ, եզրափակուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ ԵԵԽ-ի գագաթաժողովի օրերուն տեղի ունեցաւ Կառավարման խորհուրդի անդամներու ընտրութիւն, որու արդիւնքով Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատուիրակութենէն՝ Անգլիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան ընտրուեցաւ այդ խորհուրդի անդամ։
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ մանկապարտէզի փոքրիկներուն համար երէկ տեղի ունեցաւ տարեվերջի հանդէս մը։ «Մնաս բարով մանկապարտէզ» կարգախօսով կազմակերպուած ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին, Ս. Էջմիածնի տօնին առթիւ, հովանաւորութեամբ՝ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի, տեղի ունեցան հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններ։ Եկեղեցւոյ հոգեւարականաց դասը նկատելով օրուայ ազգային-եկեղեցական նշանակութիւնը եւ երանաշնորհ Մաղաքիա Պատրիարքի վախճանման 100-ամեակը, որոշած էին Արամեան սանուց միութեան հետ գործակցաբար կազմակերպել ցուցահանդէս մը։
Աշխատասիրեց՝
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
- Ե՞րբ, ի՞նչպէս եւ ի՞նչպիսի պայմաններու մէջ գրի առնուեցաւ «Հաւատամք»ը։
- Քրիստոնէութեան առաջին իսկ դարէն, Եկեղեցւոյ մէջ եւ անոր կողքին յայտնուեցան աղանդներ, կամ հերձը-ւածողներ, որոնք ճշմարիտ հաւատքէն շեղած անձեր կամ խմբակցութիւններ էին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուծոյ, որ բարի է եւ ամենակարող, չարին գոյացութեան եւ չարագործութեան արտօնելու եւ արգելք չհանդիսանալու հարցը մարդկային միտքը զբաղեցնող խնդիր մըն է։ Աստուած քանի որ բարի է, սէր է եւ ամենակարող, ապա ուրեմն ինչո՞ւ արգելք չ՚ըլլար չարին չարագործութեանը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ լսելի դարձած յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ Սուրիոյ հիւսիսային հատուածներու խնդիրը այսօր սկսած է դառնալ երկրի գլխաւոր խնդիրներէն մին։
Խօսքը անշուշտ կը վերաբերի Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ գործող քրտական զինեալ խմբաւորումներուն մասին, որոնք անցնող գրեթէ երեք տարիներուն մեծ ճիգեր իրականացնելով յաջողած են ստեղծել մասամբ ինքնավար շրջաններ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք դժոխքի մասին Լեւոն Սարգիսեանի խորհրդածութիւնները ներկայացնել, որոնք փաստարկումներ են, թէ՝ քանի որ Աստուած բարի՛ է, սէ՛ր է, ապա ինչո՞ւ կ՚արտօնէ, որ չարը գոյութիւն ունենայ եւ գործէ, եւ թէ ինչո՞ւ հաստատուած կամ ստեղծուած է դժոխքը։
Աշխարհահռչակ ամերիկացի գրող Օ. Հենրիի «Կարմրամորթ առաջնորդի փրկագինը» պատմուածքի հիման վրայ իրականացուած համանուն բեմադրութիւնը թատերասէրներուն հնարաւորութիւն կու տայ մեծահասակներու մէջ փնտռել մանուկները եւ թոյլ չտալ, որ հասուն մարդիկ կորսնցնեն իրենց երազները:
Ուաշինկթընի նորաբաց Աստուածաշունչի թանգարանին մէջ ներկայացուած են հայկական բացառիկ ձեռագիրներ:
Թանգարանին մէջ, որ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի շէնքին մօտ, ներկայացուած է Աստուածաշունչի պատմութիւնը եւ ազդեցութիւնը աշխարհի տարբեր հասարակութիւններու ու մշակոյթներու վրայ:
Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ ճանապարհային քարտէս մը որդեգրեցին՝ Մենպիչի պարագային:
Նախարարներ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Մայք Փոմփէօ երէկ տեսակցութիւն մը ունեցան Ուաշինկթընի մէջ:
ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխանական թեկնածուն երէկ այցելեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը:
Մարգար Էսաեան անդրադարձաւ յառաջիկայ շրջանի առաջնահերթութիւններուն եւ նախընտրական աշխատանքին:
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ նախակրթարանի բաժնի շրջանաւարտներուն համար հանդէս մը։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Լիզա Սէրճէնեանի եւ Էտըմ Եթէրօղլուի։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտները։ Իրենց կ՚ընկերանար հայերէնի ուսուցչուհի Հերա Իսքէնտէրօղլու։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Նիկոլ Փաշինեանի «Երկրին հակառակ կողմը» վէպը արդէն իսկ ընթերցողին սեղանին է: Հայաստանի մէջ գիրք վաճառելու նոր աւանդոյթ մը ձեւաւորուած է: