Արխիւ
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան կ՚այցելէ Երեւան։ Այս առաւօտ ան այցելեց Ծիծեռնակաբերդ եւ տեսակցեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ։
Նեսիմ Օվատիա Իզրայիլի հեղինակած նոր գիրքը լոյս կը սփռէ հայկական թատրոնի անցեալին վրայ:
Պողազիչի համալսարանէն ներս գիտաժողովի մը ձեւաչափով ներկայացուեցաւ այս ծաւալուն ու եզակի աշխատանքը:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան հերթական նիստը:
«Մեր երկրի մեծագոյն խնդիրն է քաղաքացիներու կողմէ իշխանութիւն ձեւաւորելու իրաւունքի անձեռնմխելիութիւնը»:
Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ՝ «Թուֆաեան» հայորդեաց տան երդիքին տակ:
Հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն՝ երանաշնորհ Գէորգ Ե. Սուրենեանց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի շիրմին վրայ:
«Արփի» թատերախումբը երէկ երեկոյեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Հարկ է նշել, որ այս թատերախումբը 23 տարի վերջ վերակենդանացուցած է իր աշխատանքը՝ բոլորովին նոր սերունդով մը։
Աշխատասիրեց՝
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
- Ի՞նչ կը նշանակէ պատրաստութիւն։
- Պատրաստութիւնը պատարագիչ անձին պատրաստութիւնն է, որ տեղի կ՚ունենայ յատուկ աղօթքներով եւ յատուկ զգեստաւորումով, աւանդատան մէջ, առհասարակ ժողովուրդին աչքէն հեռու:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
ՆԱՍԱ-ն Շաբաթ օր յայտնեց, որ կը մտադրէ 2020 թուականին Հրատ մոլորակ ուղղաթիռ ուղարկել:
Գործակալութեան մասնագէտները սարքին վրայ աշխատած են չորս տարի:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երուսաղէմի Պատրիարքանի դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի ընթերցողներուն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ըստ Եկեղեցական Օրացոյցի, Եղիա մարգարէի յիշատակի տօնը, այս տարի կը հանդիպի 27 Մայիս Կիրակի օրուան, որ է Հոգեգալուստէ ետք առաջին Կիրակին։ Սուրբ Եղիա Մարգարէ աստուածաշնչական մարգարէներու մէջ առանձնայատուկ տեղ մը կը գրաւէ իր անապատական եւ հրաշքներով լեցուն կեանքով, ինչպէս նաեւ կրակոտ նախանձախնդրութեամբ եւ իր անսովոր վախճանով։
Շահան Արծրունի Նիւ Եորքի մէջ պարգեւատրուեցաւ Վարդանանց ասպետներուն եւ Արեւելեան թեմի կողմէ:
Աշխարհահռչակ դաշնակահարին կողմէ հայ մշակոյթին բերուած նպաստը կ՚արժեւորուի բոլոր հարթութիւններու վրայ:
Նաքքաշթեփէի «Պրիճ» ճաշարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Գալֆաեան Տան ի նպաստ կանանց հաւաքոյթ մը։ Դպրոցի տիկնանց յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս հաւաքին մասնակցութիւն բերին մեր զանազան թաղերէն համակիր տիկիններ։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշան երէկ այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Նորին սրբազնութեան միացած էին նաեւ մեր համայնքային շրջանակներէն խումբ մը տիկիններ։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Սփիւռքահայ հայրենադարձ կին մը մարշուտնի (փոքր հանրակառք) մը կը բարձրանայ: Վարորդին գլխաւերեւի մասը փակցուած ֆիտայիներուն պատկերները աչք կը քթթեն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կը շարունակենք թղթատել «հի՜ն էջ»եր՝ ուր կը գտնենք հետաքրքրական տողեր, որոնք կ՚ուզենք ներկայացնել մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն, խորհելով, թէ շահեկան խորհրդածութիւններու առիթ պիտի ըլլան անոնք։
Ահաւասիկ, դարձեալ, մեր ձեռքին տակ ունինք՝ 10 Յուլիս 1904 թուակիր «ՄԱՍԻՍ»ը՝ ուր կը նկարագրուի վարժարաններու տարեվերջի հանդիսութիւնները։
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ ստորագրուած հրամանագրով՝ երէկ Արտակ Դաւթեան նշանակուեցաւ Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ։
«Մենք կ՚ապրինք երրորդ հանրապետութեան մէջ, որ իրականութեան մէջ ստեղծուած է 100 տարի առաջ»:
Հայաստանի նախագահի մրցանակներու այս տարուան դափնեկիրներու շարքին կը գտնուին «Ֆօթօլուր»ի լուսանկարիչները:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը երէկ հիւրընկալեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը:
Նորին Սրբութիւնն ու Նիկոլ Փաշինեան քննարկեցին եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցեր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ կը խորհին, կը մտադրեն, յետոյ կ՚արտայայտեն իրենց խորհածները եւ մտադրածները, այսինքն՝ կը խօսին։ Մարդկային սովորական արարքներ են այս վիճակները՝ մասամբ դիւրին, քանի որ ընդհանրապէս մեծ աշխատութիւն մը չեն պահանջեր։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի նորակազմ կառավարութեան մէջ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ամենէն երիտասարդն է: Ան մասնագիտութեամբ արեւելագէտ է՝ թրքագէտ: 2007-2011 թուականներուն աւարտած է Երեւանի Պետական համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժինը, 2011-2013 թուականներուն՝ նոյն բաժնի մագիստրոսութիւնը:
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ վերջերս կազմակերպուեցան միջլիսէական մտախաղեր։ Իր տեսակին մէջ չորրորդ այս ձեռնարկին մասնակցութիւն բերին համայնքային հինգ լիսէներէն 15 խումբեր։