Արխիւ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Նոյեմբեր 1-ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայ դասական երաժշտութեան մեծատաղանդ վարպետին՝ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի (1871-1928)։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Եւ թոյլ մի՛ տար, որ փորձութեան մէջ իյնանք. այլ մեզ չարէն ազատէ՛»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Խոկում եւ կեանքի փորձառութիւն, ահաւասիկ այս երկու վիճակէն է, որ կը ծնի իսկական տեսիլքը՝ որուն մէջ կը բռնուին մեծ մարդիկ եւ կը ստեղծեն հրաշալիքներ։ Այս իմաստով է որ Միւսէ, ֆրանսացի բանաստեղծը կ՚ըսէ, թէ՝ «մեծ ցաւեր, տառապանքներ են, որ կը ստեղծեն հրաշագործութիւններ եւ կը զօրացնեն մարդուս նկարագիրը»։
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով Իսթանպուլի մէջ բաւական յանդուգն ու ծայրայեղ մեկնաբանութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի մասին։ Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի հաւաքէն վերջ ան խօսեցաւ Հայաստանի մէջ նախատեսուած արտահերթ ընտրութեան շուրջ։
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ մտաւորական Հրայր Ճէպէճեանի կողմէ հրատարակուած «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» գիրքին շնորհանդէսը։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս գինեձօնը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ հեղինակը։
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը միշտ կը կարեւորէ հայեցի դաստիարակութիւնը: Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան հայկական վարժարաններ այցելելով զրուցեց աշակերտներուն հետ:
Հայաստանի ընտրական օրէնսգիրքը բարեփոխելու ուղղեալ աշխատանքներ: Եւրոխորհուրդի Վենետիկի յանձնաժողովը կ՚ողջունէ կառավարութեան նախաձեռնութիւնը:
Հայաստանի նախկին վարչապետներէն Հրանդ Բագրատեան սուր քննադատութիւններ հասցէագրեց այժմու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ երկրի նոր ղեկավարութեան։ news.am-ի հաղորդումներով, Հրանդ Բագրատեան 2019 թուականի պետական պիւտճէի նախագծի լոյսին տակ ըրաւ այդ յայտարարութիւնները։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի նոր սերունդի խոստմնալից իրաւաբաններէն Մելոտի Էօզէր վերջերս ընդունուած է Իսթանպուլի փաստաբանական կաճառ։ Ան հանդիսաւոր արարողութեան մը ընթացքին կաճառի նախագահին ձեռամբ ստացած է անդամակցութեան վկայականը։
Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի Հիմնական խումբի՝ Արեւելք-Արեւմուտք յարաբերութիւններու քննարկման նուիրուած կլոր սեղան: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ելոյթով մը հանդէս կու գայ տարածքաշրջանային հակամարտութիւններու կապակցութեամբ:
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական հանդէս մը, որ ձօնուած էր ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ հոգելոյս Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Մինսքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Արմէն Սարգսեան Մինսք այցելեց՝ Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի հիմնական խումբի հանդիպման առթիւ։
Մեւլիւտ Չավուշօղլու Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Զարիֆը, Զալքալիանին եւ Մամէտեարովը:
Երկու տարբեր ժողովներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան:
«10 Քարաքէօյ»ի երդիքին տակ կազմակերպուած եզակի ու որակեալ ցուցահանդէս մը:
Երիտասարդ արուեստագէտ Արտէն Ուլիկեանի ստեղծագործութիւնները գնահատանքի առարկայ:
Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի խորհրդականը երէկ շուրջ մէկ շաբաթով ժամանեց քաղաքս:
Մասնագիտութեամբ թրքագէտ Գէորգ Պետրոսեան Գումգաբուի մէջ ընդունուեցաւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ:
Աշխատասիրեց՝
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Հին հայոց հաւատալիքները, կրօնը, պաշտամունքն ու դիցարանը կը կազմեն բարդ ու տարաբնոյթ համակարգ, զոր հայ էթնոսի ձեւաւորման եւ պատմական զարգացման տարբեր փուլերու արգասիքն է:
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Աշունը Արցախի մէջ իւրօրինակ է իր գոյներով, բնութեամբ եւ առհասարակ՝ գալուստով։
Արցախի մէջ աշնան բնութիւնը իւր զարմանահրաշ գոյները կը տարածէ ամէնուր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկութեան ընդհանուր պատմութեան մէջ՝ դարերու ընթացքին «օրէնք»ի հանգամանք էր ստացած հասարակական անհաւասարութիւնը եւ խորթութիւնները եւ մարդս մարդու ստրուկ եւ հլու կամակատար էր դարձեր։ Ահաւասիկ, մարդկային արժանապատուութեան բոլորովին ներհակ այս իրողութեան դէմ հետզհետէ հաստատուեցան հաւասարութեան, եղբայրսիրութեան եւ անձնական կատարելութեան բարձր գաղափարները։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը նախատեսէ փոփոխութեան ենթարկել՝ քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու կանոնները։ Ան կը նախատեսէ արգիլել՝ ոչ-ամերիկահպատակ ընտանիքներու ԱՄՆ-ի մէջ ծննդաբերուած զաւակներուն եւ անկանոն գաղթականներու՝ նոյնպէս ԱՄՆ-ի մէջ աշխարհ եկած զաւակներուն քաղաքացիութիւն տրուիլը։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ երէկ այցելեցին Ստեփանակերտ, ուր հիւրընկալուեցան Արցախի ղեկավարութեան կողմէ։ Միջնորդները օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ։