Արխիւ

Շաբաթ, Յունիս 9, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հո­գե­գա­լուս­տէ ետք 3-րդ Կի­րա­կի օ­րուան՝ այս տա­րի 10 Յու­նիս Կի­րա­կի, Ս. Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին կար­դա­ցուած Ճա­շու Ա­ւե­տա­րա­նի հա­տուա­ծը՝ (ՄԱՏԹ. ԺԲ 1-8), «Շա­բաթ օ­րը յար­գե­լու հարց»ին մա­սին է։
Ար­դա­րեւ, Շա­բաթ օ­րը եբ­րա­յա­կան եօթ­նեա­կին՝ շա­բա­թին, այ­սինքն եօ­թը օ­րուայ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին վեր­ջին՝ 7-րդ օրն էր, երբ ա­մէն զբա­ղում եւ աշ­խա­տանք պէտք էր դադ­րէր ըստ Հին Կտա­կա­րա­նի տրա­մադ­րու­թեան. (ԵԼՔ. Ի 8-11, ԼԱ 12-17, ԼԴ 21) եւ  (Բ ՕՐ. Ե 12-15)։

Շաբաթ, Յունիս 9, 2018

«Անընդունելի է մտահոգութիւններու ներկայացման համար որդեգրուած վերջնագրային ոճը»:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Եպիսկոպոսաց ժողով մը՝ վերջին իրադարձութիւններու արժեւորման համար:

Շաբաթ, Յունիս 9, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի տանտիրութեամբ Գումգաբուի մէջ իֆթարի սեղան՝ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու մասնակցութեամբ
Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու եւ կուսակալ Վասիփ Շահին երէկ երեկոյեան այցելեցին Պատրիարքարան

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018

Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրը երէկ ընդունուեցաւ Ազգային ժողովին կողմէ:
Նիկոլ Փաշինեան կանխահաս ընտրութիւն կը նախատեսէ՝ յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին:

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018

Երեւանի մէջ կազմակերպուած Հայաստան-Անգլիա գործարար համաժողովի ընթացքին քննարկում:
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց ներդրումներու հարցերով յանձնակատար Փրիտչարտը:

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց. «Եթէ Ատրպէյճան կը պատրաստուի պատերազմի, մենք չենք կրնար խաղաղութեան պատրաստուիլ»։

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ յառաջիկայ ընտրութիւններէն վերջ բաւ կրնայ համարուիլ երկրէն ներս արտակարգ իրավիճակի գործադրութիւնը։ Էրտողան երէկ երեկոյեան ուղիղ եթերով հանդէս եկաւ շարք մը հեռուստակայաններու համատեղ սփռումով եւ այս առթիւ նախընտրական գործընթացէն ներս պատասխանեց օրակարգի բազմաբնոյթ հարցումներուն։

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եւրոպայի թեմերու առաջնորդները երէկ հանդէս եկան համատեղ կարեւոր յայտարարութիւնով մը:
«Մեր առջեւ առկայ խնդիրներու լուծման միակ ճանապարհը միութիւնն ու համազգային միասնականութիւնն է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայոց Հայրապետի շուրջ»:

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018

Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ մասնաւոր հանդէս մը, որով այս տարուան շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները։

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի 2017-2018 տարեշրջանի հունձքը հրաժեշտ առաւ մասնաւոր խրախճանքով մը։ Դպրոցի չորրորդ դասարանը աւարտած աշակերտները եւս մասնակից դարձան այս ծրագրին։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը։

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն ներս 2017-2018 կրթական շրջանը եզրափակուեցաւ փառատօնի շաբաթով մը։ Աւանդական այս ծրագրի շրջագծին մէջ, դպրոցի զանազան անկիւններուն տղաքը իրականացուցին բազմաբնոյթ ձեռնարկներ։ Փառատօնը իսկապէս մեծ եռուզեռի մը մթնոլորտը ստեղծեց դպրոցէն ներս։

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ տարեվերջի շրջանին տեղի ունեցան երգի ու պարի ներկայացումներ։ Համայնքային զանազան վարժարաններէ աշակերտներ ներկայացուցին անցեալ եղանակին իրենց ծաւալած աշխատանքի արդիւնքը։

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018

Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ խանդավառ երեկոյթով մը հրաժեշտ տուաւ թաղի Սահակեան-Նունեան լիսէի 2017-2018 կրթական շրջանի հունձքին։ Լիսէի 49-րդ շրջանաւարտներուն ի պատիւ երէկ երեկոյեան հանդէս մը տեղի ունեցաւ դպրոցի պարտէզին մէջ։ Այս հաւաքոյթը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ աշխարհահռչակ դաշնակահար Շահան Արծրունի այսօր կը դառնայ 75 տարեկան։

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Անուշ, մեղմ ու քաղցրահունչ հին մեղեդին որքա՜ն հաճելի կը թուի լսողութեան, որքա՜ն հարազատ ու անկրկնելի կախարդանք մը կը կրէ ան իր հնչիւններուն մէջ, հինն ու նորը շաղախող կարողութիւն մըն է նաեւ իր մէջ կուտակ-կուտակ պահուած, երբեք չհինցող, միշտ նորոգուող բարեկամութեան մը պէս:

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ընդհանուր առումով, նկարագիրը, այսինքն մարդու մը, անհատի մը յատկանշական գիծերը, արժէքները, էութիւնը չի՛ փոխուիր։ Իսկ եթէ արտաքին ազդեցութիւններով, պարագաներու համեմատ ընթացքի ուղղութիւնը կը փոխուի, անիկա «նկարագիր» չէ, այլ պարզապէս ստացական սովորութիւն։

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018

Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեան երէկ այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր հիւրընկալուեցաւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ։ Ինչպէս ծանօթ է, Մարգար Էսաեան ԱՔ կուսակցութեան կողմէ դարձեալ թեկնածու առաջադրուած է յառաջիկայ ընտրութիւններուն համար։

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ հայաշխարհի երիցագոյն գրողներէն Թորոս Թորանեան վերջերս լոյս ընծայած է իր նոր գիրքը։ Սուրիահայ հեղինակը, որ վերջին տարիներուն հաստատուած է Հայաստան, Երեւանի մէջ հրատարակած է այս գիրքը, որ կը կոչուի «Յուշի բեկորներ»։

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018

Ստեփանակերտի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերը իրերայաջորդ կը փոխուին:
Լեռնային Ղարաբաղի պետական նախարար Յարութիւնեան երէկ ներկայացուց իր հրաժարականը:

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը այս առաւօտ արտահերթ նիստ մը գումարեց:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանի մէջ երեսփոխաններուն ներկայացուց կառավարութեան ծրագիրը:

Էջեր