Արխիւ

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018

Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեան երէկ այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր հիւրընկալուեցաւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ։ Ինչպէս ծանօթ է, Մարգար Էսաեան ԱՔ կուսակցութեան կողմէ դարձեալ թեկնածու առաջադրուած է յառաջիկայ ընտրութիւններուն համար։

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018

Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրը երէկ ընդունուեցաւ Ազգային ժողովին կողմէ:
Նիկոլ Փաշինեան կանխահաս ընտրութիւն կը նախատեսէ՝ յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին:

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018

Երեւանի մէջ կազմակերպուած Հայաստան-Անգլիա գործարար համաժողովի ընթացքին քննարկում:
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց ներդրումներու հարցերով յանձնակատար Փրիտչարտը:

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց. «Եթէ Ատրպէյճան կը պատրաստուի պատերազմի, մենք չենք կրնար խաղաղութեան պատրաստուիլ»։

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ յառաջիկայ ընտրութիւններէն վերջ բաւ կրնայ համարուիլ երկրէն ներս արտակարգ իրավիճակի գործադրութիւնը։ Էրտողան երէկ երեկոյեան ուղիղ եթերով հանդէս եկաւ շարք մը հեռուստակայաններու համատեղ սփռումով եւ այս առթիւ նախընտրական գործընթացէն ներս պատասխանեց օրակարգի բազմաբնոյթ հարցումներուն։

Ուրբաթ, Յունիս 8, 2018

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եւրոպայի թեմերու առաջնորդները երէկ հանդէս եկան համատեղ կարեւոր յայտարարութիւնով մը:
«Մեր առջեւ առկայ խնդիրներու լուծման միակ ճանապարհը միութիւնն ու համազգային միասնականութիւնն է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայոց Հայրապետի շուրջ»:

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց երեկոյեան մասնակցութիւն բերաւ քաղաքիս Ֆրանսական պալատին մէջ սարքուած իֆթարի սեղանին։ Երեկոյթի տանտէրն էր Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Պերթրան Պիւշվալթէր, որ ողջոյնի խօսք մը արտասանեց սեղանակիցներուն առջեւ։

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018

Ընտանիքի եւ ընկերային քաղաքականութիւններու նախարար Ֆաթմա Պեթիւլ Սայան Քայա նախընթաց օր այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Բարձրաստիճան հիւրի այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Նախարարը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի, բժշկապետ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեանի, ընդհանուր քարտուղար Սիլվա Թրիքայի եւ այլ պատասխանատուներու կողմէ։

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018

Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համատեղ նախաձեռնութեամբ աւանդական հաւաքոյթ:
Ֆէնէրի յունաց լիսէի համալիրէն ներս իֆթարի սեղան՝ փոխ-վարչապետ Հաքան Չավուշօղլուի մասնակցութեամբ:

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն գումարուեցաւ Միաբանական ժողով մը։ Մայր Աթոռէ ներս պաշտօնավարող քահանայ հայրերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ այս հաւաքը, որու աւարտին մասնակիցները հանդէս եկան հետեւեալ յայտարարութիւնով.
Սիրելի հոգեւոր եղբայրներ, սիրեցեալ հաւատաւոր ժողովուրդ,
Վերջին օրերուն համացանցի վրայ յայտնուած են նախաձեռնութիւններ եւ բողոքի կոչեր, որոնք հասցէագրուած են Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան։

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի անդամները՝ գլախաւորութեամբ ատենապետուհի Ազնիւ Մեծատուրեանի։ Կայանի պատասխանատուները Պատրիարքարան այցելեցին՝ նորին սրբազնութիւնը պաշտօնապէս հրաւիրելու համար եղանակի բացման պաշտօնական հանդիսութեան, որ նախատեսուած է 1 Յուլիս 2018, Կիրակի։

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018

Ռումելի Հիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ կանանց հաւաքոյթ մը։ Ատենապետուհի Նուրիձա Եասուլքալի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը եւ տիկնանց յանձնախումբը ամառնամուտի շրջանին համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպած էին այս հաւաքոյթը։

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին հիւրընկալեց Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեանը։ Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ 24 Յունիսի կանխահաս ընտրութիւններուն Մարգար Էսաեան վերստին երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած է ԱՔ կուսակցութեան կողմէ։

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը պատրաստուի այցելել Կրետէ կղզի, Յունաստան։ Ինչպէս ծանօթ է, Կրետէ կղզիի հայ առաքելական համայնքը մաս կը կազմէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իշխանութեան սահմաններուն։
Յաջորդ տարի՝ 2019 թուականին պիտի նշուի Կրետէ կղզիի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 350-ամեակը։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի՝ 5 Յունիսին, Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, նախարարութեան շէնքին մէջ տուաւ իր առաջին մամլոյ ասուլիսը: Ճիշդ է, որ մինչ լրագրողներուն հետ հանդիպումը՝ նախարարը զանազան հանդիպումներ ունեցած էր հանրութեան հետ, ելոյթներ ունեցած էր հեռատեսիլով եւ ամէնօրեայ դրութեամբ իր առօրեայ գործունէութեան եւ ընելիքներուն մասին գրառումներ կը տեղադրէր իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ, բայց այս ասուլիսը աւելի ընդարձակ քննարկումներու նիւթ դարձաւ, քանի որ նախարարը խօսեցաւ նախարարութեան այս տարուան ծրագիրներու ճակատագիրներուն մասին, ինչ որ կը սպասէր շատերուն:

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մարդկութիւնը կ՚ապրի ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր ամէն բան սկսած է ծայրայեղութեան երթալ: Միջին ճանապարհ կամ միջին ընտրութիւն կարծես չէ մնացած մարդոց առջեւ՝ բացի ծայրայեղութիւններու երթալէ: Ծայրայեղութիւն ամէն ինչի մէջ՝ ապրուստի, հանգիստի, հաւատալիքներու, ըմբռնումներու, համոզումներու, մշակոյթի, ազատութեան, բարոյականութեան, հաւատքի, եւ այլն, եւ այլն:

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երբ կը խօսուի Ատսուծոյ Բարութեան վրայ եւ բնականաբար կը հարցուի, թէ Աստուած որ բարի է, եւ ամենակարող, ապա ուրեմն ի՞նչու կ՚արտօնէ, որ գոյանայ չարը եւ արգելք չի հանդիսանար անոր չարագործութեան։ Հարցը եթէ մակերեսային դիտուի, իրապէս դժուար հասկնալի է, թէ «Բարի»ն ի՞նչպէս կ՚արտօնէ չարին չարագործելուն, քանի որ Ան ամենակարող է միանգամայն ե՛ւ ամենակալ։

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ հայաշխարհի երիցագոյն գրողներէն Թորոս Թորանեան վերջերս լոյս ընծայած է իր նոր գիրքը։ Սուրիահայ հեղինակը, որ վերջին տարիներուն հաստատուած է Հայաստան, Երեւանի մէջ հրատարակած է այս գիրքը, որ կը կոչուի «Յուշի բեկորներ»։

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018

Ստեփանակերտի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերը իրերայաջորդ կը փոխուին:
Լեռնային Ղարաբաղի պետական նախարար Յարութիւնեան երէկ ներկայացուց իր հրաժարականը:

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը այս առաւօտ արտահերթ նիստ մը գումարեց:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանի մէջ երեսփոխաններուն ներկայացուց կառավարութեան ծրագիրը:

Էջեր