Արխիւ
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջերս այցելեց Կրետէ կղզի, Յունաստան։ Յառաջիկայ տարի պիտի նշուի տեղւոյն Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 350-ամեայ յոբելեանը։
SEV-ի նորընտիր վարչութեան մէջ ընդգրկուած են փորձառու համայնքային գործիչներ:
Հիմնարկի հերթական համագումարին ընթացքին վաւերացուեցան անցեալ շրջանի տեղեկագրերը:
Պատրիարքական Աթոռը, 24 յունիսի ընտրութիւններուն ընդառաջ, Իսթանպուլի երեսփոխան, Տիարպաքըրէն երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած Տիար Կարօ Փայլանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն կը հետեւի ցաւով ու մտահոգութեամբ։ Զանազան լրատուամիջոցներու մօտ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեանի դէմ օգտագործուած որակումները, դժբախտաբար, կը ստեղծեն Աթոռոյս նկատմամբ յարգանքէ ու մեր համայնքի տեսակէտէ մարտահրաւէրի մը վերածուած ընտրութեան հարցին կապակցութեամբ պատասխանատուութեան գիտակցութենէ հեռու տպաւորութիւն մը։
Հայկական արտադրութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը հետզհետէ կ՚աճի միջազգային շուկաներէ ներս:
Հայաստանի մէջ գինեգործութիւնը մեծ վերելք կ՚ապրի վերջին տասը տարիներուն ու կը խոստանայ հեռանկարներ:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Նիւ Ինկլընտի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 110-ամեակին առթիւ վերջերս յոբելենական հանդիսութիւններու շարք մը սկսաւ Պոստոնի մէջ։ Այս շարքի առաջին փուլին կազմակերպուած ձեռնարկին մասնակցութիւն բերաւ շուրջ 300 հոգի։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան ներկայիս աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել։ Այսօր Պրիւքսելի մէջ կը սկսի Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ներկայիս կ՚իրականացնէ արտասահմանեան շրջագայութիւն մը։ Ան ուղեւորութեան ձեռնարկած է դէպի Անգլիա, Ֆրանսա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։
Եւրոխորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ պատուիրակութիւն մը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Այսպէս, եւրոպացի խորհրդարանականները հիւրընկալուեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը կեանքի կը կոչուի:
Թուրք զինեալ ուժերը սկսած են անկախ հերթապահութիւն կատարել քաղաքի շրջակայքին՝ ըստ ճանապարհային քարտէսին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մանուէլ Գրիգորեանի «գործ»ի բացայայտումով Հայաստանի քաղաքական կեանքը թեւակոխեց նոր փուլ մը:
Վարչապետ Փաշինեան կ՚ակնկալէ մասնակիցներու ի յայտ բերուիլը՝ անկախ անոնց կոչումներէն ու կարգավիճակէն:
Մինչեւ 2018-2019 շրջանի վերամուտը աշխատանք պիտի տարուի դպրոցներուն համար:
VADİP-ի հովանոցին ներքեւ աշխատաժողովներ՝ վարժարաններու միջեւ միութեան նպատակով:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի գեղարուեստական ղեկավարը Երեւան այցելութեան օրերուն բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
«Պարտաւոր ենք հայ մշակոյթը Թուրքիոյ մէջ պահելու»:
Կարպիս Չափքան. «Ուրախ ենք թէ՛ մեր արժանացած ընդունելութեան եւ թէ 61 հոգիէ բաղկացեալ կազմով մը դարձեալ Հայաստան այցելելու եւ վերստին ելոյթ ունենալու առիթով»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վստահութիւնը մարդկային փոխյարաբերական կեանքին ամենէն էական եւ յատկանշական երեւոյթներէն մէկն է, որու բացակայութեան պարագային այնքա՜ն կը շատնան հակառակութիւններն ու դժուարութիւնները: Մարդը, տրամաբանող էակ ըլլալով, միշտ կարիքը ունի իր կողքին ունենալու վստահելի անձ մը, կամ ինչու չէ անձեր, որոնց հետ կիսուելով, բաժնեկցելով իր յուզումներն ու մտորումները, կը փորձէ իր կեանքին ղեկը առաջնորդել դէպի բարին եւ դէպի ընկերայինը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեգալուստէն ետք 5-րդ Կիրակին տօն է Սրբուհւոյ Աստուածածնի տուփին գիւտին։ Տօնը այս տարի կը հանդիպի 24 Յունիս Կիրակի օրուան։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու CHP-ի կողմէ Իսթանպուլի երեսփոխանական թեկնածու առաջադրուած դեսպան Իւնալ Չեւիքէօզը։ Ան քաղաքիս Բ. ընտրաշրջանէն կը ներկայանայ երեսփոխանի թեկնածու՝ շաբաթավերջի ընտրութիւններուն համար։
Անասուններու իրաւունքներու նկատմամբ զգայնութիւնը հետզհետէ աւելի ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ հասարակական գետնի վրայ։ Վերջին օրերուն Թուրքիոյ զանազան քաղաքներէն ներս տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններն ալ այս խնդիրը դարձուցին հրատապ։
ԵԱՀԿ-ի կողմէ պատուիրակութիւն մը այսօր տարածքաշրջանային այցելութեան կը ձեռնարկէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Այսպէս, կազմակերպութեան անդամ երկիրներէ 25-ին մշտական ներկայացուցիչները կ՚ուղեւորուին դէպի Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան։
Յունաստան եւ Մակեդոնիա երէկ ստորագրեցին պատմական համաձայնագիր մը, որ եկաւ վերջ դնել այս երկու երկիրներու միջեւ անունի վերաբերեալ տարակարծութիւններու։ Այսպէսով 27 տարուան տագնապ մը ունեցաւ դրական լուծում։
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի արմատական փոփոխութիւններու մթնոլորտին մէջ՝ գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւնները կը շարունակեն բնորոշել երկրի օրակարգը։ Շաբաթավերջին Էջմիածին քաղաքին մէջ տեղի ունեցան մեծ խռովութիւններ։
Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Պոլսահայ մշակութային կեանքին տեսակէտէ շատ կարեւոր իրադարձութեան մը վերածուեցաւ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի դէպի Հայաստան ուղեւորութիւնը, որ տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթավերջին։