ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄԻՆԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԶԵԿՈՅՑՆԵՐ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵԼ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ գումարեց իր հերթական ժողովը։ Այս առաւօտ, Նախաձեռնարկ մարմնի բանբեր իրաւաբան Սարօ Պենկլեան մեզի ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցեց երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած նիստին ժամանակ ծաւալուած քննարկումներուն կապակցութեամբ։ Ըստ Սարօ Պենկլեանի, երէկուան ժողովի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան ընտրական գործընթացի նախապատրաստական աշխատանքներու վերաբերեալ ընթացիկ նիւթեր։

Նկատի ունենալով, որ գործնական փուլերը հետզհետէ կը մօտենան՝ Նախաձեռնարկ մարմինը կը պատրաստուի այս կապակցութեամբ հրապարակել պաշտօնական զեկոյցներ, որոնք ընթացակարգին վերաբերեալ հանրային կարծիքի մօտ առկայ զանազան հարցականները յաղթահարելու նպատակը պիտի հետապնդեն։ Սարօ Պենկլեան յայտնեց, որ երէկուան քննարկումներուն ժամանակ առաւել չափով այդ զեկոյցներու հաւանական բովանդակութեան շուրջ կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցած են ժողովականներուն միջեւ։ 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2019