ՍՈՒՐԲ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ
10. Յիշատակութենէն բացի ի՞նչ խորհուրդ ունի: 11. Գոյափոխութեան վերաբերեալ սուրբ հայրերուն գաղափարը [մտածումը] ի՞նչ է. Մեռեալ եւ կենդանի խօսքերուն վերաբերեալ ի՞նչ վէճեր կան:
10. Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը լոկ յիշատակութիւն ու Քրիստոսի մահուան պատմութիւն չէ. ասոնց համար Աւետարան կարդալն ալ բաւական է, բայց մեր Փրկիչը Քրիստոս Կոյսէն մարմին առաւ, այն մարմինը զոհելով փրկեց մեզ։ Ամենէն վերջին գիշերը ցաւալի ժամուն նոյն մարմինը հացի միջոցով մեզի յիշատակ ձգեց, որովհետեւ հոգին հոգի է, բայց մարմինին միջոցաւ աշխարհիս վրայ է, մարմինին միջոցաւ մեզի երեւցաւ. մինչդեռ անմարմին ալ փրկելու կարող էր, իսկ «Էմմանուէլ», որ Աստուած մեզի հետ ըսել է, մեր մէջ երեւցաւ «մինչեւ աշխարհի վախճանը ձեզի հետ եմ», ըսելով գնաց, Քրիստոս չեկած Ադամին դրախտէն ձայն կու տար, Մովսէսին Սինայէն կը խօսէր, որ աւելի ետք ըսել էր իսկ. «Աստուած մարդոց հետ էր», ըսելով մասնաւոր խօսք մը չեղաւ, միայն Քրիստոսի անձամբ երեւնալուն մասին «Էմմանուէլ» ըսուեցաւ։ Հետեւաբար, քանի որ մինչեւ աշխարհի վախճանը մեզի հետ պիտի ըլլայ Իր մարդկութեան նկատմամբ, ուրեմն, Անոր մարմինն ալ միշտ մեր աչքին առջեւ պիտի երեւնար, ինչպէս որ Անոր Աստուածութիւնը մարդկութեան միջոցաւ մեզի երեւցաւ, նոյնպէս ալ Անոր մարմինը հացի միջոցաւ երեւնալ սորվեցուց, որովհետեւ կատարեալ Աստուած կատարեալ մարդ էր, Իր աւանդած հացն ալ կատարեալ մարմին Քրիստոսի է, որ մեր մէջ երեւնալու ատեն, Աստուծոյ մեզի երեւնալը կ՚երգենք. «Աստուած մեր եւ Տէր մեր երեւցաւ մեզի», ըսելով:
11. Սուրբ խորհուրդին մասին Ներսէս Լամբրոնացին կ՚ըսէ, թէ «“Առէ՛ք, կերէ՛ք” ըսուած ժամանակ հացը Քրիստոսի մեռեալ մարմինն է. “եւ Որդի Աստուծոյ”ի ժամանակ Ս. Հոգին կանչուելով, հացն ու գինին Քրիստոսի կենդանի մարմինն ու արիւնը կ՚ըլլան» (Պատարագի մեկնութիւն): Այս խօսքը հռոմէականներուն նշանաւորներէն՝ Հ. Գ. Աւետիքեան, Հ. Մ. Չամչեան եւ ուրիշները կը վաւերացնեն եւ Լամբորնացին ալ կը գովեն, իսկ նորերէն՝ Պ. Վ. Էմմանուէլեանն ալ երկսայրաբանելով, կը պարսաւէ, թէ «Ներսէս Լամբրոնացին այդ զգալի մարմինը եթէ Քրիստոսի մարդկային հոգիին կու տայ՝ հոգին առանց անձնաւորութեան չէ, երկու անձնաւորութիւն ըսել կ՚ըլլայ. եթէ մեռած մարմինին ալ զգայութիւն կու տայ, այդ ալ փիլիսոփայօրէն բոլորովին սխալ է, երկու ձեւերէն ո՛րն ալ որ ընդունի հերետիկոսութիւն է» (Իլմէ Իլահի ՆՂԵ. համար), իբրեւ թէ Ս. Հոգիին միջոցաւ կենդանանալու հարկ չկայ, արդէն կենդանի է ըսել կ՚ուզէ, Ս. Հոգին Քրիստոսի մէջ ալ կայ ըսելով:
Քրիստոս խաչուեցաւ, իբրեւ մեռեալ թաղուեցաւ, Աստուածապէս յարութիւն առաւ. իրաւ կենդանին յաւիտենից Քրիստոս ըսաւ. «Ես եմ կենդանի հացը». հրեշտակը վկայեց. «Ինչո՞ւ կենդանին մեռելներուն մէջ կը փնտռէք». սակայն, հակառակ ասոր կայ Պիղատոս, որ կը զարմանայ, թէ «շո՞ւտ մեռաւ»: Չորս աւետարանիչներն ալ կը գրեն. «Հոգին աւանդեց», ուստի, Քրիստոս Իր Աստուածութեան նկատմամբ յաւիտենից կենդանի է, իսկ մարդկութեան նկատմամբ խաչին վրայ մէկ անգամ մեռաւ, երեք օր գերեզմանին մէջ մնաց՝ իբրեւ հասարակ մեռեալ, ինչպէս որ իբրեւ հասարակ երեխայ մնացած էր Կոյսին արգանդին մէջ. ծնաւ եւ մեռաւ մարդկօրէն եւ Աստուածապէս յարեաւ. նաեւ, բնականապէս գառնուկ մը մորթուելէն ետք կ՚ուտուի, ուտողին սնունդ տալու համար, ո՛չ թէ ողջ-ողջ, քանի որ անոր մեռեալին մէջ ալ կենդանութիւն մը կայ. մանաւանդ, որ Քրիստոս Գառն Աստուծոյ է անճառապէս. իրենց տրուածին կարգը չպահելով ճառողները կը մոլորին: Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին չմոլորելու համար Աստուածային տնօրինութեան կարգը կը պահէ ուղղակի հաւատքի վրայ կայանալով:
Քրիստոսի կենդանի մարմինին սկիզբը Ս. Պատարագին, բազմոցին վրայ գրուած միջոցին սրբագործութեան սկիզբն է, ինչպէս որ Գաբրիէլի աւետումէն կը սկսի Քրիստոսի զգալի մարմինը. «Հոգին Սուրբ եկեսցէ ի քեզ, որ ի նմայն ծնեալ է». բայց այն ատեն Իր մարմինը մեզի տալիք ըլլալը անծանօթ էր. ճիշդ ասոր պէս է, Քրիստոսի առաքեալներուն փչելով ըսելը. «Առէ՛ք Սուրբ Հոգին, որու մեղքերը որ ներէք՝ պիտի ներուի» (Յհ 20.22)։ Այս խօսքին մէջ մեղքերու ներումն իսկ ապառնիի ձեւով կ՚ըսէ, բայց Ս. Հոգիին համար ներկան կ՚արտասանէ. «առէ՛ք» այն է, հիմա առէք, հապա ինչո՞ւ չառին, միթէ Քրիստոս խաբե՞ց զանոնք կամ Իրեն մէջ չի կա՞ր ոչ չառին, քաւ լիցի. հապա Իր Աստուածային տնօրինութիւնը յարգեց, այնպէս որ այդ վայրկեանին առնել սկսան «պիտի երթամ ու ղրկեմ», ըսաւ ու վերջն ալ առին, այն տնօրինութեան համեմատ։ Ճիշդ էր, որ «առէ՛ք կերէ՛ք» ըսած կետէն կը սկսի Ս. Հացը Քրիստոսի ճշմարիտ մարմինին փոխուիլ, բայց պէտք է գիտնանք, որ Քրիստոս այս խօսքը խաչուելէն առաջ ըսաւ, դեռ զոհ պիտի չըլլար, որ ճաշակուէր։ Հացն ու գինին մեզի պիտի աւանդէր, կարելի՞ էր Անոր հրահանգը Իր աշակերտներուն չտուած անոնց քովէն երթար։ Հետեւաբար, անոնց վերջին ընելիքը տնօրինեց. թէեւ ճաշակեցին, բայց իրենց աչքերը չբացուեցան, խաչուած գիշերը ոմանք փախան, ոմանք ուրացան, իսկ խաչուելէն ետք ճաշակողներուն աչքերը բացուեցան (Ղկ 24.30), որովհետեւ խաչին վրայ զոհ եղած մարմինը պիտի տար մեզի հացի միջոցաւ եւ ո՛չ թէ չխաչուած կենդանի մարմինը, քանի որ Ինք զոհ անունը առած էր, խաչին վրայ զոհ եղաւ, հոգին աւանդեց։ Այդ աւանդուած հոգին դարձեալ միացաւ անշուշտ, երբ յարեաւ, ուզէ այդ վայրկեանին միացած ըլլայ, ուզէ երեք օր վերջ, ատիկա մեզի համար անճառելի է, բայց «աւանդեց, յարեաւ»։ Ասոնք ծանօթ բառեր են, աւանդելէն վերջ յարութիւն առաւ. զոհ ըլլալով աւանդեալ հոգին երբ որ միացաւ, այն ատեն գիտցուեցաւ, թէ յաւիտենական կենդանի է Քրիստոս. նախ մեռեալ եւ ապա կենդանի ճանչցուեցաւ։ Այս վերջին կենդանութիւնն էր մեր հաղորդուելիքը, ո՛չ թէ նախ կենդանի ապա մեռեալ, որովհետեւ եթէ յարութիւն չառնէր, ինչպէ՞ս պիտի հաւատայինք Անոր, նոյնիսկ Իր աշակերտներն ալ ատկէ ետք հաւատացին Անոր կենդանութեան։ Ահա այս վերջին կենդանութեան համար ըսաւ Քրիստոս, թէ «Ես եմ կենդանի հացը» եւ հրեշտակը վկայեց, թէ «ինչո՞ւ կենդանին մեռելներուն մէջ կը փնտռէք»: Լամբրոնացիին ճշմարիտ աւետարանական վարդապետութիւնը ասոր համար է, որ ըսել է առաջին անգամ Անոր մեռնիլը եւ արիւնին թափուլը կը խոստովանի եւ ատկէ ետք պատարագիչը խաչակնքելով «առաքեա՛ զՀոգի Քո Սուրբ, որով զհացս եւ զգինիս օրհնեալ մարմին եւ արիւն ճշմարտապէս արասցես1 Տեառն մերոյ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի, փոխարկելով Հոգւովդ Սրբով»։ Ատկէ ետք Ս. Հոգիին կ՚աղաչէ (այստեղ Ամենասուրբ Երրորդութիւնը Աստուածային տնօրինական կարգով մը կը յիշուի), որովհետեւ մեր մեղքերու քաւութեան համար եղած զոհը նախ մեռեալ եւ ապա կենդանի տեսանք, անոր համար «արասցես» կ՚ըսենք ո՛չ թէ «արարեր», որպէսզի խառնաշփոթ գաղափարի մը ծառայած չըլլանք:
«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ»
Կ. Պոլիս, 1885
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 28
Վաղարշապատ
1Լատինականները «արարեր» կ՚ըսեն, որպէսզի «Քրիստոս Վերնատան մէջ ըրած է, հոգին ալ Իր մէջ էր, Ս. Հոգիին մասնաւոր կոչման անհրաժեշտութիւն չի կայ»: