Թրքահայ կեանք

Եկեղեցական

ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՐԱՆԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉԻՆ Ս. ԾՆՈՒՆԴԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

«Եկէ՛ք Տիրոջ լոյսովը քալենք» (Եսայի Բ. 1-22)։
Եսայի մարգարէին այս խօսքերը քաղուած են այն ընթերցումէն, որ հայերէնով կարդացինք Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապին մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին, երբ Սրբազան Քահանայապետը մեր մէջ կը գտնուէր Իսթանպուլ՝ 29 նոյեմբեր 2025-ին։

Հոգեմտաւոր

ԱՆՄԻՈՒԹԻՒՆ ԾՆՈՂ Է ՉԱՐԵԱՑ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երբ խօսինք հայ ժողովուրդի դժուարութիւններուն ու անցեալի պատմութեան մասին, պէտք է նկատի ունենանք, որ 1915-ը պարզապէս փոքր մաս մըն էր այն մեծ տառապանքէն, որ կրեց ու գուցէ կը շարունակէ կրել եւ կամ անոնց հետեւանքներն է, որ կ՚ապրի: