ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Քալայճըն եւ գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։ Զրոյցին մասնակցեցան նաեւ թաղի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչները։ Շաբաթավերջին նախատեսուած է եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը, որու ընդառաջ Կէտիկփաշայի ընտանիքի ներկայացուցիչները Գումգաբու փութացին՝ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստանալու։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը զրոյցի ընթացքին բարձր գնահատեց եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու ուղղեալ աշխատանքները։ Արդարեւ, երբեմնի հարուստ աւանդութիւններով հայաշատ Կէտիկփաշայի հայ բնակչութիւնը այսօր թէեւ նօսրացած է, սակայն, թաղային խորհուրդը կը ջանայ այս սրբավայրը պահել կենսունակ։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրհնութիւնները եւ բարեմաղթանքը յղեց թաղականներուն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2025