ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՐԱՆԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉԻՆ Ս. ԾՆՈՒՆԴԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

«Եկէ՛ք Տիրոջ լոյսովը քալենք» (Եսայի Բ. 1-22)։

Եսայի մարգարէին այս խօսքերը քաղուած են այն ընթերցումէն, որ հայերէնով կարդացինք Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապին մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին, երբ Սրբազան Քահանայապետը մեր մէջ կը գտնուէր Իսթանպուլ՝ 29 նոյեմբեր 2025-ին։

Անոր առաքելական այցելութիւնը մեծապէս տպաւորեց մեզ, մեր երկիրն ու ժողովուրդը։ Անոր խօսքերը դարձան հրաւէր եւ լուսաշտարակ՝ Տիրոջ լեռը գտնելու եւ հոն բարձրանալու համար։

Լոյսը, որ դարերու ընթացքին առաջնորդեց ու կ՚առաջնորդէ ամբողջ մարդկութիւնը դէպի Աստուծոյ լեռը՝ Յիսուսի ծնունդն է։ Անոր աստղն է, որ ուղեցոյց կը դառնայ ահա՛, երկու հազար տարիներէ ի վեր, առաջնորդելու համար մարդկութիւնը, աշխարհի իշխաններն ու առաջնորդները՝ դէպի իսկական խաղաղութիւն, ինչպէս առաջնորդեց հովիւներն ու մոգերը։

Յիսուսի ծնունդով՝ Աստուած մեզի իր ճամբաները կը սորվեցնէ, որպէսզի անոր շաւիղներովը քալենք։ Անոր Խօսքը Երուսաղէմէն ելաւ եւ տարածուեցաւ աշխարհին չորս կողմերը։ Անոր Խօսքը խաղաղութեան, ներողամտութեան եւ սիրոյ խօսք է, բայց նաեւ յանդիմանող՝ որպէսզի փորձութեան օրը մարդս գիտնայ իր սուրը պատեանին մէջ պահել (Յովհ. 18,11)։

Անոր Խօսքը կը վստահեցնէ եւ կը հաստատէ, թէ ունկնդրող, մտիկ ընող ու անսացող ժողովուրդը՝ «սուրերէն խոփեր պիտի շինէ», որպէսզի հողը բեղմնաւորէ։ Անոնց «նիզակներէն յօտոցներ պիտի շինէ», որպէսզի Աստուծոյ պարտէզը յօտէ, գեղեցկացնէ ու ստեղծագործակից դառնայ։ Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ եւ նոր սերունդներուն ալ պատերազմիլ պիտի չսորվեցնէ։

Եսայի մարգարէի այս ընթերցումը, որ յոյս եւ լոյ՛ս է Սուրբ Ծննդեան տօնին եւ նոր տարուան համար, կը խնդրէ մեզմէ, որպէս Աստուծոյ հաւատացող ժողովուրդ, որ Աստուծոյ լեռը բարձրանալով խաղաղութեան եւ ողորմածութեան պատգամաւորնները ըլլանք եւ բարի հոգիով անոր լոյսովը քալենք հաստատ, որովհետեւ ան հաւատարիմ է ու ողորմած եւ անոր անունը Սէր է։

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ։

Ձեզի մեզի մեծ Աւետիս։

Տ. ՎԱՐԴԱՆ Թ. ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ՝ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2025