ԶՈՀՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՍԷՐ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Այս է իմ պատուիրանս, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։ Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ». (ՅՈՎՀ. ԺԵ 12-13)։ Արդարեւ, սէրը ամբողջ քրիստոնէութեան ամփոփումը եւ խտացումն է։ Արդարեւ, Յովհաննէս առաքեալ իր առաջին ընդհանրական նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Սիրելինե՛ր, մէկզմէկ սիրենք, վասնզի սէրը Աստուծմէ ծնած է եւ կը ճանչնայ Աստուած։