ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գեղեցկութիւնը, բարութեան եւ ճշմարտութեան հետ, կեանքի հիմնական եւ էական սկզբունքն է։ Բայց այս սկզբունքը աշխարհային նեղ առումով յարաբերական ըմբռնում մըն է. ի՞նչ է գեղեցկութեան չափանիշը, ի՞նչ բան գեղեցիկ է, ո՞վ գեղեցիկ է։ Այս հարցումները ստուգապէս պատասխանել կարելի չէ: