ԱՐԺԷՔ ՈՒ ԱՐԺԱՆԻՔ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սրբուհի Ժան տ՚Արք կ՚ըսէ. «Եթէ Աստուծոյ շնորհքին մէջ չեմ, թող Աստուած հաճի հոն դնել զիս, իսկ եթէ հոն եմ, թո՛ղ Աստուած հաճի պահել զիս հոն»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սրբուհի Ժան տ՚Արք կ՚ըսէ. «Եթէ Աստուծոյ շնորհքին մէջ չեմ, թող Աստուած հաճի հոն դնել զիս, իսկ եթէ հոն եմ, թո՛ղ Աստուած հաճի պահել զիս հոն»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կրօն եւ բնութիւն՝ երկուքն ալ միեւնոյն ծնողին զաւակներն են, Հօր զաւակները, որ հաւատարմութեամբ կը գործադրեն Անոր կամքը եւ քանի որ նո՛յն Հօր որդիներն են, երբեք իրարու չեն հակառակիր։ Արուեստական կերպով, կրօնը եւ բնութիւնը հակադրել՝ նուազագոյն բացատրութեամբ, անխոհեմութիւն է եւ սխա՛լ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդուս մարմնական - տկար աչքը առաքինութիւնը տեսնել կը կարծէ, բայց միա՛յն՝ կեղծ ու կարծեցեալ առաքինութիւնը։ Մարդ երբ ինքն իրմով հպարտ է, այդ կը նշանակէ, որ ինքզինք լաւ կամ բարձր վիճակի մէջ կը զգայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի ամէն ապրումներու եւ մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ արժեչափ՝ «standard» մը ունենալ կարեւոր է անհատական ապրումներուն եւ հաւաքականութեան մէջ՝ փոխյարաբերութիւններուն առո՛ղջ մշակման համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մկրտիչ Ա. Վանեցի Խրիմեան՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս (1892-1907), Հայ եկեղեցական պատմութեան մէջ եզակի դէմքերէն մէկն է եղած եւ այս իսկ պատճառով, անուանուած է «Խրիմեան Հայրիկ»։ Իր «տիպա՛ր հոգեւորական»ի կեցուածքով, կեանքով եւ գործունէութեամբ արժանացած է «Հայրիկ» յորջորջումին՝ մանաւանդ իր հայրախնամ հոգեւոր ծառայութեամբ եւ հոգածութեամբ ժողովուրդին նկատմամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ողջախոհութիւն» կը նշանակէ՝ համա-լըրումը իմացականութեան եւ բանականութեան մարդուն մէջ։ Աւելի նեղ ու յատուկ իմաստով, կը նշանակէ՝ ժուժկալութիւն, չափաւորութիւն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային ընկերութիւնը կենդանի գործարանաւորութիւն մը ունենալու համար անհրաժե՛շտ է ընկերականութեան-հասարակաց միտք։ Արդարեւ ընկերութիւնը կազմող ամէն մէկ անհատ «անդամ» է ամբողջութեան եւ առանց այդ մէկ անդամին պակաս կը մնայ միութիւնը, չի կազմուիր ամբողջութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ շատ մը հնարքներովը ու գիւտերովը կը պարծենայ, կատարեալ ըլլալու ինքնախաբէութեամբ ինքն իրմով կը հպարտանայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Խորամանկութիւն» իր լայն առումով կը նշանակէ խաբէութիւն, չարահնար արուեստ, կեղծաւորութիւն, նենգութիւն։ Ուստի երբ մարդ կը ծածկէ իր բուն նպատակը եւ տեսակ-տեսակ կերպերով, ճամբաներով, անուղղակի ձեւեր ընտրելով կը ձգտի խաբել իր շուրջինները, ան կ՚անուանուի «խորամանկ», խորամանկութեամբ «գործը քալեցնող» մարդ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անկեղծութիւն»ը առաքինութիւն մըն է, որ մարդկային յարաբերութիւնները կ՚ամրացնէ եւ հաստատ հիմերու վրայ կը պահէ։ Արդարեւ յաճախ խօսեցանք եւ խորհրդածեցինք անկեղծութեան մասին այս սիւնակներու մէջ։