ՊԱՇՏՕՆԱՄՈԼՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուած բոլոր մարդիկը թանկագին շնորհներով օժտած ու զարդարած է։ Շատեր իրենց կեանքի ընթացքին զանազան առիթներէ ու հնարաւորութիւններէ օգտուելով, կարողացած են հասնիլ բարձր դիրքերու եւ կարեւոր պաշտօններու, ինչպէս նաեւ առաւել կամ նուազ չափով տիրանալ նիւթական բարիքներու։