ՍԵՌԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեռականութիւնը կարգաւորուած է այր-մարդուն եւ կին-մարդուն ամուսնական սիրոյն մէջ։
Ուստի ամուսնութեան մէջ ամուսիններուն մարմնային մտերմութիւնը անոնց հոգեւոր հաղորդութեան նշան ու գրաւական կը դառնայ։