ՁԱՅՆ ՈՒՆԻ ԿՐՕՆԸ ԱՄԷՆՈՒՐԵՔ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կրօնը կը կատարելագործէ, եւ կը սրբացնէ բնութեան օրէնքները։ Սակայն «բնութիւն» պէտք չէ կոչուի այն՝ ի՛նչ որ մարդուն յանցանքին արդիւնքը կամ սխալին հետեւանքն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կրօնը կը կատարելագործէ, եւ կը սրբացնէ բնութեան օրէնքները։ Սակայն «բնութիւն» պէտք չէ կոչուի այն՝ ի՛նչ որ մարդուն յանցանքին արդիւնքը կամ սխալին հետեւանքն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Լոյս»ը՝ լո՛յս է երբ կը լուսաւորէ. այլապէս կարելի չէ «լոյս» կոչել որեւէ բան՝ որ ինքզինք «լոյս» կը համարի, բայց որեւէ կերպով չի՛ լուսաւորեր իր շուրջը եւ իր շուրջինները։ Ուստի լոյսին կարեւորութիւնը իր գործունէութեան եւ օգտակարութեան մէջ կը կայանայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կասկածամտութեան» եւ «թերահաւատութեան» յայտնի օրինա՛կ մըն է Թովմաս Առաքեալ։ Արդարեւ Թովմասի օրինակին կարելի է հանդիպիլ կեանքի ամէն շրջաններուն եւ պարագաներուն, ամէնուրեք, քանի որ միշտ եղած են «Թովմաս»ներ՝ կասկածոտ, վարանոտ եւ մինչեւ իսկ թերահաւատ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուծմէ տրուած ամէն շնորհ ձրի տուչութիւն մըն է, իսկ անոր ընդունելութիւնը մարդուն նկատմամբ կամաւոր է. ուրիշ խօսքով՝ Աստուծոյ տուածը «շնորհք» է, իսկ մարդունը՝ «գո՛րծ»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեր բոլորին ամէնօրեայ կեանքին մէջ յաճախ կը պատահին կասկածներ, որոնք կը դժուարացնեն կեանքը, եւ եթէ կասկածը ծայրայեղութեան աստիճանին հասնի՝ կեանքը մինչեւ իսկ անտանելի կը դառնայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կենդանի հաւատքը՝ զօրաւոր եւ անկեղծ հաւատքը թեւեր ունի, արծիւի թեւեր եւ երբեք փլատակներու մէջ թաղուած, անշարժ չի՛ մնար։ Կենդանի հաւատքը, այս իմաստով, կ՚ապրի, կը շնչէ եւ կը խօսի, կեանք կու տայ եւ կը զօրացնէ հոգին, դիւրատար կ՚ընէ երկրաւոր կեանքը, որ բազմատեսակ նեղութիւններու, անհամար դժուարութիւններու մէջէն իրեն ընթացք մը, ելք մը, ուղղութիւն մը կ՚որոշէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ երբեմն կը հանդիպի համեստ խաւերու մէջ այն տեսակ պատուական տիպարներու, որոնց նմանը շատ անգամ կարելի չ՚ըլլար գտնել ընկերային աւելի բարձր շրջանակներու մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուտը, իր ընդհանուր իմաստով կը նշանակէ՝ ճշմատութեան խաթարում, վիրաւորանք՝ որ կը ստեղծեն անվստահութիւն, անորոշութիւն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ենթադրենք պահ մը՝ եթէ «լոյս»ը խօսելու, ձայնելու կարելիութիւն ունենար ի՜նչեր կ՚ըսէր, ի՜նչեր կը պատմէր։ Լոյսը՝ որ ամենէն արագընթաց երեւոյթն է, այնքան արագ կը սուրայ, որ մէկ երկվայրկեանի մէջ կարող է եօթը անգամ շրջիլ ամբողջ աշխարհի շուրջը, այս կը նշանակէ՝ թէ լոյսը ամէն վայրկեան ամէն տեղ է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մոլորած եւ դժբախտ աշխարհի մը վրայ, ամէն մարդ իր անիմաստ ու աննպատակ երազներէն տարուած՝ անորոշ կեանք մը կ՚ապրի։ Երջանկութեան կեղծ երեւոյթին տակ, ցանկասիրութիւնը իր ետեւէն կը քաշէ բազմաթիւ խաբուած ու մոլորած մահկանացուներ։