ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Պայծառակերպութիւն» նո՛յնն է «Այլակերպութեան» տօնին եւ անունին։ Աւետարանը կը գործածէ միայն «Այլակերպութիւն» բառը, սակայն «Պայծառակերպութիւն» բառն ալ ընդհանրացած է իբր աւելի յատուկ եւ աւելի փառաւոր բացատրութիւն։ Այլակերպութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ հինգ գլխաւոր տօներէն մին է՝ տաղաւար տօներէն։