ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իր ամենալայն առումով, «բարոյականութիւն»ը մարմնաւորումն է բարիին՝ գեղեցիկին՝ ճշմարիտին եւ արդարին, որ կը ներկայացնէ բարոյական բարձր արժէք մը՝ բարձրութիւն, ազնուութիւն, առաքինութիւն եւ գիտակցութիւն։
Իսկ «բարոյագիտութիւն»՝ «éthique» կը նշանակէ՝ փիլիսոփայական ուսմունք բարոյականութեան՝ որպէս հասարակական գիտակցութեան ձեւերէն մէկուն մասին՝ բարոյական կանոններ՝ սկզբունքներ քարոզող խրատաբանութիւն։