ՆՈՒԻՐԱԿԱ՛Ն Է ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային ամենէն նուիրական պարտականութիւնն է պահպանել ուրիշներուն ան-բըռնաբարելի իրաւունքը՝ հսկել, պաշտպանել զանոնք մարդկային բովանդակ կորովով, ուշադրութեամբ եւ բծախնդրութեա՛մբ։
Եւ երանի՜ անոր որ իր սեփական ուժերուն անբաւական եղած ատեն արտաքին ամէն զօրութեամբ, կարող կ՚ըլլայ իշխել կեանքին «զսպանակ»ներուն, եւ կրնայ կանգ առնել ո՛ւր որ իրաւունքը բռնաբարող պարագայ մը կը ներկայանայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ