ՍԵՒ ՄՈՄԸ ԵՒ ՃԵՐՄԱԿՆԵՐԸ… - Բ -
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ, կը շարունակենք ներկայացնել Գարեգին Արքեպս. Խաչատուրեանի «Շողակաթ» պաշտօնաթերթի մէջ 1958 թուականին հրատարակուած «Սեւ Մոմը» յօդուածը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ, կը շարունակենք ներկայացնել Գարեգին Արքեպս. Խաչատուրեանի «Շողակաթ» պաշտօնաթերթի մէջ 1958 թուականին հրատարակուած «Սեւ Մոմը» յօդուածը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւագ Հինգշաբթի օրուան գիշերը, ո՛չ միայն օրուան, ո՛չ միայն Աւագ շաբթուան, այլ ամբո՜ղջ կեանքին ամենէն խորհրդաւոր եւ իմաստալից պա՛հն է։
Հո՛ն է կեանքին իմաստ տուող երկու հակադիր, երկու հակոտնեայ եւ իրար հակասող՝ իրերամերժ երեւոյթները՝ մութը եւ լոյսը, երկու արժէքները՝ սեւը եւ ճերմակը, որոնք ընդհանրապէս կը խորհրդանշեն եւ կը ներկայացնեն կեանքի երկու վիճակները՝ չարը եւ բարի՛ն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ձեր մէջէն ամենէն մեծը թող ամենէն պզտիկին պէս ըլլայ. եւ առաջնորդը՝ սպասաւորին պէս», (ՂՈՒԿ. ԻԲ 26)։
Ո՞վ է մեծը։ Այս հարցումին պատասխանը ընդհանրապէս կ՚ըլլայ՝ «Ե՛ս պէտք է ըլլամ»։ Ասիկա, արդարեւ մարդկային տկարութիւններէն մէկը, եւ գլխաւո՛րն է, քանի որ ամէն մարդ «մե՛ծ ըլլալ»ու հարցին մէջ ինքզինք առաջին կարգին վրայ կը դասէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հոսանքին դէմ դիմադրել» կամ «Հոսանքին դէմ թիավարել», ժողովրդական ասութիւններ են, որ ընդհանրապէս անկարելին կատարելու ապարդիւն աշխատանքը կը խորհրդանշեն։ Նոյն իմաստով կը գործածուի նաեւ «Սանդի մէջ ջուր ծեծել» խօսքը՝ որ գրեթէ նոյն «ապարդիւն աշխատանք»ը ցոյց կու տայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Յարութի՜ւն»ը աւետելով կ՚ողջունեն հաւատացեալներ, եւ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» ըսելով իրարու՝ մանուկ կամ տարեց, հոգեւորական կամ աշխարհական, հաւատացեալ կամ սկեպտիկ՝ այս օրերուն, զուարթ եւ ցնծագին, կը յիշեն եւ կը յիշեցնեն Քրիստոսի Յարութեան հրաշալի՜ իրողութիւնը։ «Յարութի՜ւն» կ՚երգեն եկեղեցիներու զանգակները ջերմ արձագանգներով, որոնք անգամ մը եւս մեզ կը տանին «լուրջ եւ մշտնջենաւոր ճշմարտութեա՛ն» մը գիտակցութեան, քաղցր յիշատակներով պարուրելով մեր հոգին եւ մեր միտքը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Զատկի ութերորդ օրը, այսինքն՝ Զատկի յաջորդող առաջին Կիրակին կը կոչուի «Նոր Կիրակի», եւ կամ «Կրկնազատիկ»։ Ըստ Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանի, «Կրկնազատիկ» անուանումը ժողովրդական անուն մըն է, որ երբեմն կը տրուի Զատկի ութերորդ օրուան՝ Նոր Կիրակիին, սակայն բնաւ եկեղեցական նշանակութիւն չունի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գրեթէ բոլոր հին մշակոյթներու մէջ, հաւկիթը կեանքի, վերակենդանութեան խորհրդանիշն է եղած եւ կը բովանդակէ «Նոր կեանք»ը։ Հաւանաբար քրիստոնէական շրջաններէն շա՜տ առաջ, գարնանային վերակենդանութեան նուիրուած ծիսակատարութիւններու, տօնախմբութիւններու ընթացքին հաւկիթ կը ներկուէր, կ՚օրհնուէր եւ կը փոխանակուէր, յետոյ մարդիկ կ՚ուտէին զանոնք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ կը խօսուի «Ընթրիք»ի մասին՝ Յիսուսի «Մեծ Խնճոյք»ի առակին առիթով, կը մտաբերուի Կիւրեղ Մեծը, որ կ՚ըսէ. «Մեր երկնաւոր Հայրը Ի՛նքն է, որ մարդոց համար կը պատրաստէ (կը պարգեւէ) այն շնորհները, որ Իր Որդիին միջոցով տրուեցան բոլորին, որոնք են՝ մեղքերու թողութիւն, Սուրբ Հոգիի հաղորդակցութիիւն, որդեգրութիւն եւ երկինքի արքայութիւն, Քրիստոս բոլոր ազգերէն առաջ նախ Իսրայէլը հրաւիրեց իր օրհնութիւններուն՝ Աւետարանի միջոցով»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կ՚ըսեմ ձեզի, որ առաջին հրաւիրեալներէն ո՛չ մէկը իմ ընթրիքէս պիտի ճաշակէ», (ՂՈՒԿ. ԺԴ 24)։
Ընթրիքը օրուան վերջին ճաշն է, ուրիշ խօսքով՝ մարդ ընթրիքէն ետք այլեւս չի ճաշակեր, եւ օրը կը վերջանայ ընթրիքով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ գալստեան յիշատակը մշտադալար եւ օծուն ձիթենիի շիւղերով եւ արմաւենիի ոստերուն հիւսքերով վերակենդանացուց Եկեղեցին։ Երբ կը վկայենք այս ոգեւորութեան, կը վերյիշենք նաեւ Քրիստոսի արդար վրդովումը եւ նախանձախնդրութիւնը Տաճարին մաքրագործութեան գործին նկատմամբ։