Հոգե-մտաւոր

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ՝ 1904

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երբեմն «հին էջեր» թղթատել, անբացատրելի գոհունակութեան պատճառ կը դառնայ՝ նախ մարդ կրնայ բաղդատել հինը եւ նորը, անցեալը եւ ներկան, յետոյ կերպով մը ինքզինք կը ճանչնայ եւ ամենէն կարեւորը՝ իր երախտապարտութեան տուրքը կը վճարէ մասամբ, իր անցեալի երախտաւորներուն հանդէպ։ Այս իմաստով օգտակար է, նոյնիսկ անհրաժե՛շտ յիշել՝ անցեալը, անցեալի իրադարձութիւնները, դէմքերը եւ հաստատութիւնները։

ԲԱՐԻ ԵՒ ՔԱՋ ՀՈՎԻՒԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Հաստատ գիտցէք, թէ ե՛ս եմ ոչխարներուն դուռը։ Բոլոր անոնք որոնք ինձմէ առաջ եկան, գող էին եւ աւազակ, բայց ոչխարները անոնց չհետեւեցան։ Ե՛ս եմ դուռը։ Ով որ ինձմէ անցնելով ներս մտնէ՝ պիտի փրկուի. պիտի մտնէ եւ ելլէ եւ ճարակ գտնէ», (ՅՈՎՀ. Ժ 7-9)։

ԿԵԱՆՔԻ ԵՐԵՔ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեանքը, որ կ՚ապրինք, երեք ժամանակներ ունի. անցեալը, ներկան եւ ապագան։ Արդարեւ, մարդ միշտ կ՚ապրի ներկայ ժամանակին մէջ, քանի որ անցեալը այլեւս դրական կերպով գոյութիւն չունի, իսկ ապագան կայ միայն երեւակայութեան մէջ, ան ալ դրականօրէն գոյութիւն չունի։

ԱՌՈՂՋ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐ…

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Առողջ գաղափարներ» անուանումը ընդհանուր եւ բաւական լայն առում մըն է՝ ո՞րն է առողջ գաղափարը եւ ո՛րը՝ վատը։ Արդարեւ, յարաբերական է գաղափարի մը առողջ, բնականոն եւ ուղիղ ըլլալու կամ վատ, անկանոն եւ ծուռ հանգամանք ունենալու չափանիշը, կը փոխուի միջավայրի եւ ժամանակաշրջանի համեմատ։

ՏՊԱՒՈՐԵԼ ԵՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երբ գրի­չը կ՚առ­նեմ եւ կը սկսիմ գրել, յա­ճախ կը խոր­հիմ, թէ ին­չո՞ւ կը գրեմ։ Ի­րա­պէ՛ս, ին­չո՞ւ կը գրէ մարդ, գրո­ղին հա­մար հե­տաքրք­րա­կան հար­ցում մըն է ա­սի­կա։
Եր­բեմն կը խոր­հիմ, թէ ար­դեօք բա­րո­յա­կան գո­հա­ցում մը գտնե­լո՞ւ հա­մար կը գրեմ։

«ԿԸ ՍԻՐԵ՛Մ» ԿԱՐԵՆԱԼ ԸՍԵԼ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ո՜րքան դիւրին է խօսիլ, գաղափար յայտնել, խորհրդածել սիրոյ վրայ, բայց նո՛յնքան դժուար՝ ըսել մէկու մը՝ «կը սիրեմ», եւ աւելի՛ դժուար՝ անկեղծ ըլլալ եւ իրականացնել, գործադրել եւ կիրարկել, կեանքի կոչել զայն։
Մի՛ նայիք, որ յաճախ կը խօսուի սիրոյ մասին, եւ մի՛ կարծէք, որ ամէն «կը սիրե՛մ» ըսող անկեղծ է, քանի որ մարդկային կեանքի մէջ սէրը գործնականի վերածել՝ իրապէ՛ս սիրել շատ դժուար բան է, եթէ ո՛չ՝ անկարելի։

ՏՕՆ ԵՐԵՒՄԱՆ Ս. ԽԱՉԻ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յինանց 5-րդ Կիրակիին՝ 29 Ապրիլին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Խաչի երեւման տօնը՝ անգամ մը եւս յիշելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքները, Անոր խաչելութիւնը եւ խաչի վրայ Անոր թափած անմեղ արեան շնորհիւ մարդկային ցեղի փրկութի՛ւնը։

ՊԱՏԻԺԸ ՊԱՏՈՒԱՐ ՄԸՆ Է

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Պատիժը՝ ընկերային զեղծումի եւ օրինազանցութեան դէմ պատնէշ մը՝ արգելք մըն է։ Պատիժի վախն է, որ կը սանձէ մարդը իր անզուսպ կիրքերուն մէջ, արգելք կը հանդիսանայ անհատական եւ ընկերային սխալանքներու՝ չարագործութիւններու։ Այս իմաստով պատիժի վախը «բարերար զսպանակ» մըն է՝ որ կը հաւասարկշռէ եւ կը ներդաշնակէ մարդուս կիրքերը։

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Աշ­խար­հի վրայ նե­ղու­թիւն պի­տի ու­նե­նաք, բայց քա­ջա­լե­րուե­ցէ՛ք, քա­նի որ ես յաղ­թե­ցի աշ­խար­հին». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։
Չ­կա՛յ մէ­կը, որ իր կեան­քի ըն­թաց­քին՝ ո­րե­ւէ շրջա­նին կամ տե­ւա­կան նե­ղու­թիւն­ներ չու­նե­նայ, չտա­ռա­պի, ցաւ եւ վիշտ չզգայ։

Էջեր