ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Արժանապատուութիւն»ը իր ամենալայն առումով՝ մարդուն որպէս անձ ունեցած պատիւն է։ Այս իմաստով արժանապատուութիւնը սերտօրէն կապուած է անձին՝ որ անհատապէս կ՚որոշէ զայն, ինքնութիւն կու տայ անոր եւ անհատին, հաւաքականութեան մէջ վարկը ցոյց կու տայ։