ՄԻԱ՛ՅՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՊԱՒԻՆԻԼ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ո՜րքան սփոփարար, ո՜րքան մխիթարական, ո՜րքան հանդարտեցուցիչ է Աստուծոյ ապաւինիլ, Աստուծոյ վստահիլ, քանի որ Պետրոս Առաքեալ իր ընդհանրական առաջին նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Ձեր հոգերը Աստուծոյ ձգեցէ՛ք, որովհետեւ ինքը կը հոգայ ձեր մասին». (Ա ՊԵՏ. Ե 7)։ Արդարեւ, երբ կ՚աղօթենք եւ կ՚ըսենք «Հայր մեր…», ասիկա կ՚արտայայտէ վստահութիւն մը։