ՄՏԱԾԱԿԱՆԸ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մտածականը մարդուս բանականութեան բնական մէկ հետեւանքն է։ Մտածականը յատկապէս փնտռտուք մըն է։ Հոգին կը փնտռէ հասկնալ «ինչու»ն եւ «ինչպէս»ը։ Այս իմաստով, հետաքրքրութիւնը մարդուս յատուկ ընդոծին զգացում մը՝ ներքին մղում մըն է։