ՎԱԶԳԷՆ Ա. ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Անտարակոյս ճիշդ պիտի չըլլար անհաճոյ կացութեամբ սկսիլ սոյն գրութիւնը երբ կարեւորագոյն հարցը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Երուսաղէմ երկրորդ այցելութիւնն էր եւ բացումը նորաշէն Ժառանգաւորաց եւ Ընծայարանի շէնքին՝ նուիրուած ազգային բարերար Ալեք եւ Մարի Մանուկեաններու կողմէ: