ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿԻ ՏԱԿ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ ընդհանուր իրավիճակը կը շարունակէ մնալ խաղաղ եւ «տանելի»։ Սուրիական ընդհանուր տեսարանին մէջ եւ յատկապէս ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) «նօսրացում»էն ի վեր, գետնի վրայ որոշիչ դեր ունեցող հիմնական ուժերուն համար աւելի քան կարեւոր է, էական նշանակութիւն սկսած է ունենալ Սուրիոյ հիւսիսային հատուածը, ուր կը գործեն ոչ միայն քրտական ջոկատներ, այլ նաեւ կան, տեղակայուած են ամերիկեան ու ֆրանսական զօրքեր։