ՏԱԳՆԱՊԸ ԴԷՊԻ ԼՈՒԾՈ՞ՒՄ ԿԱՄ…
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մեզմէ շատ-շատերուն համար նախատեսելի էր, որ այսօր Հայաստանի Ազգային ժողովը արտակարգ նիստ մը գումարելով, հեզասահ կերպով պիտի ընտրէր երկրին նոր վարչապետը:
Սակայն ընդդիմութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ հրապարակուած տեսագրութիւնը (Ֆէյսպուքի վրայ) որոշ կասկածներ առաջ կը բերէր: