Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ Կեանքեր Ինչպէս Որ Տեսայ» ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ ՍԻՏՆԻԻ ՄԷՋ
Սիտնիի Առաջնորդարանին կազմակերպութեամբ, շաբաթ, օգոստոսի 4-ին, Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ «Էտկարեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ առաջնորդ Տ. Հայկազուն Եպսկ. Նաճարեանի, տեղի ունեցաւ Արաբական Ծոցի Ս. Գրքի ընկերութեան տնօրէն Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր ինչպէս որ տեսայ» գրքին շնորհահանդէսը: Հանդիսավարն էր Սեդա Յովակիմեան, որ ներկայացուց Տքթ. Ճէպէճեանը, ապա հրաւիրեց Առաջնորդարանի դիւանապետ Նշան Պասմաճեանը՝ ներկայացնելու համար նորատիպ գիրքը:

Նախագահ Թրամփի արտաքին քաղաքականութեան ամենէն բնորոշ գիծը աննախատեսելիութիւնն է: Ներքին քաղաքականութեան պարագային դժուար չէ կանխատեսումներ ընել, որովհետեւ ան քաղաքական ասպարէզ մտաւ քանդելու համար այն իրագործումները, որոնք առաջադրուած էին իր նախորդին՝ նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ կենսոլորտի մաքրութեան պաշտպանութիւն, բժշկական եւ առողջապահական խնամքի մատչելիութիւն, եւ այլն: Այսօր որդեգրուած օրէնքներու ջնջումով կը շահի ճարտարարուեստը, կը սահմանափակուին ճարտարարուեստական թափօններու վրայ դրուած օրէնքները, քարիւղային հետազօտութիւններ կը կատարուին անաղարտ պահպանուելու սահմանուած տարածութեանց մէջ, եւ այլն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Մտածել, թէ հնարաւոր է զուտ վերացական եւ ձեւական հռչակումներու հիմքով քաղաքականութիւն յառաջ տանիլ, կը նշանակէ՝ զաւեշտալի մանկամտութիւն դրսեւորել: «Աշխարհիկ պետութեան» նման իրաւական սկզբունքները, եկեղեցւոյ եւ պետութեան տարանջատումը Հայաստանի պարագային լիովին զուրկ են պատմական հողէ: Ոչ ոք կը ժխտէ զանոնք, սակայն քարացած տոկմաներու պէտք չէ վերածուին: Հայ Եկեղեցւոյ նկատմամբ այսօրուան վերաբերմունքին հիմքը պէտք է ըլլայ այն փաստը, թէ ան ո՛չ թէ կրօնական կառոյց մըն է, այլեւ՝ հայոց թագաւորութեան շրջանէն պահպանուած: