Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ (ԺԶ.)
Աշխատասիրեց՝
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Երկու ամիսներու վրայ տարածուող մեր այս համեստ աշխատասիրութիւնը կ՚եզրափակենք տաղանդաշատ, սրբակենցաղ, երանաշնորհ Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի խօսքով. «Սուրբ Պատարագը միայն Քրիստոսի զոհագործումը յիշատակող եւ անոր փրկագործական խորհուրդը տեւականացնող եւ այժմէականացնող ծէս մը չէ, միայն գեղեցիկ, վեհացնող ու վերացնող երաժշտութիւն չէ, այլ մանաւանդ՝ գագաթնակէտն է Եկեղեցւոյ ծէսին, այլ խօսքով՝ պաշտամունքին, որովհետեւ Պատարագին մէջ հաւատացեալ մարդը ո՛չ միայն մտքով ու հոգիով կը միանայ Աստուծոյ, այլ նաեւ մարմնաւորապէս կը հաղորդակցի Անոր հետ, հաղորդուելով մեր Տիրոջ եւ Աստուծոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի կենդանարար Մարմնին եւ Արեան: