ՆՐԲԱՆԿԱՏ ՈՒ ՇՐՋԱՀԱՅԵԱՑ
Հանրապետութեան նախագահը այսօր Հայաստանի վարչապետը հիւրընկալելու ընդառաջ երէկ Ատրպէյճանի պաշտօնակցին հետ էր:
Անգարայի կշիռը հետզհետէ զգալի կը դառնայ Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացէն ներս: Թուրքիա հաշուի կ՚առնէ հարեւան տարածաշրջաններու հրատապ եւ անկիւնադարձային իրադարձութիւնները՝ առանց էական փոփոխութեան ենթարկելու Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ խօսոյթը:
Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը եւ «Կերոն» զարգացման հիմնադրամը ստորագրեցին համագործակցութեան յուշագիր մը։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի նոր սերունդի շառաւիղներէն Թալիա Մելքոնեան ծափահարելի յաջողութիւն մը արձանագրած է Լոս Անճելըսի մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։
Երեւանէն կը յայտնեն, թէ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն ներս կայ յառաջընթաց:
Հայաստանի իշխանութիւնները սկսած են թիրախաւորել նաեւ եկեղեցւոյ զօրակցութիւն յայտնած շրջանակները:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարարներու հանդիպում՝ Էրտողան-Փաշինեան ժամադրութեան ընդառաջ:
Միջազգային օրակարգը կը շարունակէ ողողուած մնալ Իսրայէլ-Իրան պատերազմին վերաբերեալ իրադարձութիւններով։ Միջազգային հարթութեան վրայ համատարած մտահոգութիւն յառաջացած է՝ մինչ պատերազմի կասեցման ուղղեալ ջանքերը անընդհատ կը շարունակուին համաշխարհային դերակատարներու միջոցաւ։