ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին երէկ Մոսկուայի մէջ տեսակցեցաւ՝ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Ճիհան Սուլթանօղլուի, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի Հարաւային Կովկասի գծով յատուկ ներկայացուցիչ Քրիստոֆ Շփետի եւ Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնոյի հետ։
Թեհրան կը հիւրընկալէ Կասպեան տնտեսական համաժողովը, որուն կը մասնակցին մեծ լիճի ափամերձ երկիրները՝ Ռուսաստան, Ղազախիստան, Թիւրքմենիստան, Ատրպէյճան եւ Իրան։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցին շուրջ հիմնականին մէջ կը համընկնին իր երկրի եւ Իրանի մօտեցումները։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարին առաջին պաշտօնական այցելութիւնը՝ Իսրայէլ եւ Սուրբ տեղեր:
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան այս առաւօտ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Ան երկրի խորհրդարանի գլխաւոր ընդդիմադիր խմբակցութեան՝ «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդն է։
Միւնիխի 61-րդ անվտանգութեան խորհրդաժողովի օրերուն գործնականօրէն հաստատուեցաւ, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նոր ղեկավարութիւնը տարբեր ուղղութեամբ պիտի հունաւորէ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի կարգաւորումը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ մասնակցեցաւ Միւնիխի 61-րդ անվտանգութեան խորհրդաժողովին, շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է իրաւապաշտպան Աւետիք Իշխանեան։ Ան հասարակական գետնի վրայ գործունէութիւն կը ծաւալէր եւ իր հետեւողական աշխատանքը կ՚առընչուէր նաեւ քաղաքականութեան հետ։
Զելենսքի-Վենս հանդիպում՝ Միւնիխի 61-րդ անվտանգութեան խորհրդաժողովի շրջանակներէն ներս:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին շրջանին սփիւռքեան ներկայացուցիչներու հետ ունեցած հանդիպումերուն ժամանակ կ՚ընէ ուշագրաւ յայտարարութիւններ։ Մօտաւոր անցեալին Ուաշինկթընի մէջ ան ընկալուած կաղապարներէն դուրս խօսոյթով մը հանդէս եկած էր ցեղասպանութեան հարցին շուրջ, իսկ աւելի վերջ այդ մէկը որակած՝ անհերքելի փաստ: